ԳԱՀԻՐԷ.- Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ համալսարանը, որ Գահիրէի պետական համալսարանն է, իր բանասիրութեան բաժանմունքէն ներս 2007ին հիմնուած Հայագիտական կեդրոնը ունի շուրջ տասը ուսանող:
Մարտ 16ին, կեդրոնի երկամեայ գործունէութիւնը ամփոփուեցաւ կեդրոնէն ներս երկրորդ անգամ ըլլալով գումարուող միջազգային գիտաժողովին ընթացքին, որ կը կրէր «Հայ-արաբական մշակութային առնչութիւններ» խորագիրը: Գիտաժողովին մասնակցած էին շուրջ 25 գիտնականներ Հայաստանէն, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն:
Կեդրոնի տնօրէն Զէյնապ Ապու Սեննա խօսք առնելով տեղեկացուց, փրոֆ. Վարուժան Ղազանջեանի ջանքերով, արաբ ուսանողներ արդէն հայերէն կը գրեն եւ կը կարդան: Անոնք կը փափաքին Հայաստան գտնուիլ ու երկրին հետ անմիջականօրէն առնչուիլ:
Բացման նիստին ուղերձով հանդէս եկան Եգիպտոսի բարձրագոյն կրթութեան նախարարի առաջին տեղակալ Մուհամէտ Կապերն ու Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեանը, որոնք բարձր գնահատեցին 2007ին հիմնադրուած Հայագիտական կեդրոնի գործունէութիւնը:
Նախարարի առաջին տեղակալը իր ուղերձին մէջ նշեց, թէ 250 հազար ուսանողութիւն ունեցող Գահիրէի համալսարանին մէջ Հայագիտական կեդրոնին հիմնադրումն ու գործունէութիւնը կը վկայէ հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու բարեկամական բարձր մակարդակին մասին:
Իր կարգին, Հայաստանի դեսպանը ընդգծեց այն հանգամանքը, թէ վերջին մէկ տարուան ընթացքին կեդրոնը արդէն հրատարակած է 5 գիրքեր արաբերէն լեզուով՝ նուիրուած հայ-արաբական պատմական յարաբերութիւններուն եւ Եգիպտոսի մէջ հայ համայնքին մասին:
Դեսպան Ռ. Կարապետեան ընդգծեց նաեւ, որ հայերը արաբական աշխարհին մէջ ունեցած են պատմական եւ մշակութային անցեալ, նաեւ մեծ նպաստ բերած են Եգիպտոսի տնտեսութեան, գիտութեան ու մշակոյթի զարգացման գործին:
Հայագիտական կեդրոնի տնօրէնին կողմէ ընթերցուեցաւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սպարտակ Սէյրանեանի կողմէ յղուած ողջոյնի նամակը՝ ուղղուած գիտաժողովի կազմակերպիչներուն ու մասնակիցներուն:
Խօսք առաւ նաեւ գիտաժողովին մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ, Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլադեան, որ սոյն կեդրոնը համարեց հայ-արաբական, մանաւանդ՝ հայ-եգիպտական վերջին տարիներու համագործակցութեան մեծագոյն ձեռքբերումներէն մէկը: Ա. Փոլադեան նաեւ յայտնեց, թէ կեդրոնը կը վայելէ հովանաւորութիւնը Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, իսկ կեդրոնին կողմէ կատարուած հրատարակութիւններէն երկուքը նոյնպէս հովանաւորուած են միութեան կողմէ: Կեդրոնին աջակցութիւն կը տրամադրուի նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Եգիպտահայ թեմին կողմէ:
Նշենք, որ ուսանողներու փոխանակման հայ-եգիպտական միջկառավարական ծրագրին շրջանակէն ներս, Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի հինգ ուսանողներ իրենց արաբերէն լեզուի մասնագիտութիւնը կը ստանան Գահիրէի պետական համալսարանէն:
Գիտաժողովին զուգահեռ, բանասիրական բաժանմունքի մասնաշէնքին մէջ կազմակերպուած էր գիրքերու ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած էին արաբական տարբեր երկիրներու մէջ հրատարակուած գիրքեր՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ արցախեան հիմնախնդիրի վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ՝ գիտական տարբեր հետազօտութիւններ ու արաբերէն լեզուով գեղարուեստական գրականութիւն:
Նոյն օրը երեկոյեան, դեսպան Ռուբէն Կարապետեան պաշտօնական ընթրիք սարգեց՝ ի պատիւ գիտաժողովի մասնակիցներուն: