Կիրակի, 15 Մարտին, Աթէնքի մէջ տեղի պիտի ունենայ յոբելինական ձեռնարկ մը՝ «Ազատ Օր» օրաթերթի 65րդ տարեդարձին առիթով: Այս առթիւ, խմբագրութիւնս ջերմօրէն կը շնորհաւորէ թերթը, իր անձնակազմը, խմբագրութիւնն ու անոր կողքին կանգնած բոլոր անոնք, որոնք իրենց աշխատակցութեամբ, իրենց բարոյական ու նիւթական նեցուկով այդ թերթը ոչ միայն կը պահպանեն, այլեւ անոր կու տան այնքան յանդգնութիւն ու ոգի, որ ան իր ճամբան աւելի կենսունակ, աւելի թարմացած, աւելի ճոխացած շարունակելու խոստումը կու տայ:
Ողջոյն «Ազատ Օր»ին: Ողջոյն իր իւրայատուկ ոճով, իր տոհմիկ նկարագրով, իր քաղցր անմիջականութեամբ, իր ազգային ամրակուռ սկզբունքերով, յունահայ համայնքին իր հետեւողական ու ամնացորդ ծառայութեամբ յարգանք ու սէր շահած թերթին:
Մենք՝ «Ասպարէզ»ի աշխատողներս, «Ազատ Օր»էն ամէն օր բան մը կը քաղենք, լուր մը համայնքէն, թէ ազգային աւանդութեան մը նկարագրականը, թէ պատմական անձի մը կամ իրադարձութեան մը մասին անդրադարձ մը:
Նաեւ՝ կը քաղենք խմբագրական հատու խօսքեր՝ ազգային կարեւորագոյն խնդիրներու մասին, որոնք կը լուսաբանեն մեզ յուզող հարցեր, կը յստակացնեն անոնց հանդէպ արժանաւոր կեցուածքներ:
Մենք երախտապարտ ենք «Ազատ Օր»ին, անոր շուրջ հաւաքուած նուիրեալներուն. իրենց մտքի ու հոգիի արտադրանքով հարստացած կը զգանք մենք մեզ, իրենց տոկունութեամբ կ’ոգեւորուինք ու կը խանդավառուինք:
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք թերթին: Վարձքը կատար անոր մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալի բոլոր աշխատակիցներուն ու խմբագիրներուն: