Յաջողութիւններու մէջ եղող մարդուն այնպէս կը թուի, թէ ինք անմրցելի է այս կեանքին մէջ: Յաջողութիւնները իրենք, երբեմն մարդը աստուածացնելու կարողութեամբ կ’երեւին, եւ այդ խաբկանքն ալ կու տան յաջողակ մարդուն: Երբեմն մեր նմաններուն հետ կատարուած բաղդատականի մը վրայ հիմնուելով, եւ երբեմն ալ մեր սեփական կարողութիւններով յառաջդիմութեան սահմանները անդրանցնելով, դէպի առաջ կը վազենք: Այդ վազքին մէջ, նոյնիսկ կը մոռնանք ետեւ նայելու, տեսնելու համար թէ արդեօ՞ք մէկը կայ մեզ հալածող կամ՝ ո՛չ:
Գերազանց յաջողութիւնը աչքերը տկարացնելէ բացի, նաեւ կրնայ կուրցնել զանոնք: Այսպէս, բախտի բերմամբ հարստացած անձ մը, կը սկսի ուշադրութիւն չդարձնել իր շրջապատին մէջ գտնուող կարիքաւորներուն: Սա «աչքի տկարութիւն» է, որ սկզբնապէս կը յայտնուի: Ասոր կը յաջորդէ բուն «կուրութիւն»ը, որ ի յայտ կու գայ, երբ բարեմիտ մարդիկ յիշեցումներ կատարեն անոր, ըսելով, թէ պէտք է օգտակար դառնայ այն անձերուն, որոնք իր օժանդակութեան կարիքը ունին: Այն ատեն իր պատասխանը կ’ըլլայ հետեւեալը.
_ ինչու այդպիսի անձեր կա՞ն մեր շուրջ:
Հարստութեան փառքով ամբարտաւանացած մարդը, հոգեպէս կոյր մըն է, որուն աչքերը միայն իր փառքին փայլով լեցուած կ’ըլլան, ու այդ «լուսեղինութեան» մէջ իր պատկերը միայն կ’ուրուագծուի իր աչքերու ոսպնեակին մէջ: Արեւուն շեշտակիօրէն ակնթարթ մ’իսկ նայելէ ետք, միթէ կարելի՞ է ուրիշ պատկեր տեսնել նոյնիսկ փակ կոպերու վարագոյրի ետին պահուըտած, քան՝ անոր լուսածիր շրջանակը, որ բաւական երկար կը մնայ մեր աչքերու ոսպնեակին մէջ, մինչեւ որ խաւարելով հեռանայ: Նոյնն է պարագան իր յաջողութիւններով կուրցած ամբարտաւան մարդուն:
Մարդուն հոգեկան աշխարհը կարելի է այլ բացատրութեամբ կոչել «ներքին տիեզերք»: Իրապէս ալ հոգեկան աշխարհը բազմածալ իր գաղտնիքներով, լայնածաւալ տիեզերք մըն է: Իւրաքանչիւր մարդու հոգիին մէջ կայ այդ տիեզերքը: Սակայն ինքնահաւան մարդոց յատուկ «տիեզերագիտութիւն» է, այդ աշխարհին կեդրոնը դարձնել իր անձը:
Իրենց ներքին կեանքին կեդրոնը իրենց անձը դարձուցած մարդիկ, յաճախ նոյնիսկ զԱստուած կը հրաւիրեն որ հետեւի իրենց: Առաջնահերթութիւններու ցուցակ մը կ’ունենան անոնք բնականաբար, սակայն առաջնահերթութեանց առաջնահերթութիւնը՝ իրենց անձը կ’ըլլայ դժբախտաբար: Անոնք չեն ալ գիտեր, որ հարիւր տարուան ընթացքին իրենց առած մրջիւնի բազմամիլիոն քայլերը, Աստուած մէկ ակնթարթի մէջ եղնիկի մէկ ոստումով կրնայ կատարել:
Յաջողութեանց առթած ամբարտաւանութիւնը կը հասնի հոն, երբ այս տիպի մարդիկ կարծէք Աստուծոյ նշան մը ընէին գլուխով, որպէսզի իրենց հետեւի: Իսկ շնորհակալութեան ու փառաբանանքի արտայայտութիւնները ընդհանրապէս դուրս եկած կ’ըլլան իրենց ենթագիտակիցի բառարանէն:
Այսպիսի պարագաներուն, Աստուած ուղղակի կը պատասխանէ մեզի, համեստացնելու համար մեզ: Շատե՜ր խոնարհած են, երբ յանկարծ նիւթական, ընկերային կամ առողջական դժուարութիւն մը ունեցած են կեանքի մէջ, իրենց երջանկութեան գագաթնակէտին հասած պահուն: Ձախորդութիւններ, որոնք կրթիչ հանգամանք կ’ունենան յաճախ, ու դարձի կը բերեն իր Աստուածը մոռցած մարդը, անոր վերստին ծանօթացնելով Աստուծոյ մեծութիւնը եւ ամենակարողութիւնը:
Կեանքի վերոյիշեալ երեւոյթը, ինքնին ցոյց կու տայ, թէ մարդը ինչքա՜ն հեռացած է Աստուծմէ, եւ թէ՝ ներքին հոգեկան մեր կեանքը ինչքա՜ն վերանայումի կարիք ունի:
Այնպէս կը կարծենք թէ բաւական յառաջացած ենք մեր աշխատանքներուն մէջ եւ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած, սակայն իրականութեան մէջ՝ բաւական ետ ենք, եւ շատ մը ձախորդութեանց ցաւով կը կոտտայ մեր հոգին:
Այնպէս կը խորհինք, թէ շատ սուր ականջներ ունինք ու շատ լաւ կը լսենք ամէն ձայն, սակայն խորքին մէջ բաւական ծանր են մեր ականջները. այնքան ծանր՝ որ մեր մօտ կանգնած անձի մը պաղատագին լացն անգամ չենք լսեր:
Այնպէս կը կարծենք որ ամէն ինչ գիտենք, սակայն եթէ ուշադիր զննենք մեր կարողութիւնները, պիտի տեսնենք, որ մեր գիտցածներէն շատ բան չենք հասկնար, ու պարզապէս խաբկանք է մեր այդ ունեցած «գիտութիւն»ը: Անցնող սերունդի մարդիկ, ինքզինքնին գիտուն նկատողները կը կոչէին «Շատ բան գիտցող», հեգնելով անոնց ամենագիտութիւնը:
Մեզի այնպէս կը թուի, թէ շուտով կրնանք սրբագրել մեր կատարած սխալները, սակայն անգամ մը որ սկսինք սրբագրութեան աշխատանքին, գործնապէս կը տեսնենք, որ ինչքա՜ն երկար ժամանակ եւ ճիգ կը պահանջուի մեզմէ կատարելու համար այդ:
Կը կարծենք որ շուտով լուծում կրնանք բերել մեր դիմաց ծառացող հարցերուն, սակայն օրէ օր աւելի կը շատնայ անլուծելի մնացած հարցերուն թիւը, բաւական ուշի կը մնանք, եւ ճարահատ՝ ուրիշներու օժանդակութեան կը դիմենք, անելէն դուրս գալու յոյսով:
Ինչո՞ւ այս բոլորը:
Որովհետեւ չենք անդրադառնար Աստուծոյ ամենակարող զօրութեան, եւ կը փորձենք Անոր առաջն անցնիլ, ու զԱյն մեզի հետեւորդ դարձնել: Սակայն սթափեցնող կոչի մը պէտք ունինք, որ հարուածելով մեր գլուխը պիտի ըսէ.
_ Անմի՛տ մարդ, Աստուած քեզմէ առաջ է. Ան աշխարհի ստեղծումէն ալ առաջ է, ուստի մի՛ փորձեր Անկէ առաջ անցնիլ: Ճանչցի՛ր զԱստուած իբրեւ Այն, որ քեզմէ շա՜տ առաջ ըլլալով հանդերձ, քու սիրոյդ համար յաճախ ետ կը դառնայ, որպէսզի ձեռքէդ բռնելով քեզ ալ յառաջ տանի:
Իմաստուն մարդը, նոյնիսկ իր յաջողութեան գագաթնակէտին հասած, համեստութեամբ պէտք է ըսէ իր Արարիչին.
_ Թերեւս մէջս այնպիսի գործեր կատարած ես, որոնք հասկնալու փորձառութիւնը չունիմ տակաւին:
Գիտակից մօտեցում մըն է այս, որ նոյնիսկ իր յաջողութիւններով յոխորտացող մարդուն համեստութիւն կ’ուսուցանէ: Իսկ ինչքա՜ն աւելի համեստութիւն պիտի ըլլար մարդուն համար յայտարարել, թէ՝ կեանքի մէջ իր արձանագրած բոլոր յաջողութիւնները կը պարտի Աստուծոյ, որովհետեւ Աստուած մեզմէ առաջ է, ու պատճառը ամէն բանի: