ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 23 Ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 5ին, առաջնորդութեամբ մասնաճիւղի վարչական պատասխանատուներուն եւ խմբապետներուն, տեղի ունեցաւ յատուկ քայլարշաւ դէպի Մոնթեպէլլոյի Նահատակաց յուշարձան՝ մասնակցութեամբ մասնաճիւղի սկաուտական կազմին, ինչպէս նաեւ քոյր մասնաճիւղերու ու շրջանի ՀԵԴի ու Պատանեկան միութեան աւելի քան 175 անդամներու:
Իր հիմնադրութենէն ի վեր, մասնաճիւղը ամէն տարի, Ապրիլ 24ի նախօրեակին, նման քայլարշաւով մը յարգանքի իր տուրքը կը մատուցէ մեր ազգի Մեծ Եղեռնի նահատակներուն յիշատակին։ Անկասկած, որ այս ձեռնարկին մասնակից բոլոր հայորդիները, սկաուտ կամ արենոյշ, պատանի կամ երիտասարդ, միութեան անդամ կամ ծնողք, լաւատեղեակ ըլլալով Ապրիլեան Եղեռնի նահատակները յարգելու կարեւորութեան, այս քայլարշաւին մասանկցելով ոչ միայն սրբազան պարտականութիւն մը կը կատարեն, այլ նաեւ կը վերանորոգեն իրենց ուխտը Հայ Դատի պահանջատիրութեան նկատմամբ։
Այսպէս, վերածնունդի գաղափարն ու նահատակներուն երթը շարունակելու կարեւորութիւնը իրենց մտքին մէջ հաստատօրէն պահած, նոյն այս ՀՄԸՄականները, վարչական կամ տարազաւոր, մեծ կամ փոքր, իրենց կազմակերպուած շարքերով Փասատինայի Հայ կեդրոնէն մինչեւ Մոնթեպէլլոյի Նահատակաց յուշարձան, շուրջ 11 մղոն քալեցին ու տակաւին տարիներ շարունակ պիտի քալեն՝ ճամբու ընթացքին փողոցներու անցորդներուն, հայ թէ օտար, յիշեցնելու, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ դարու առաջին անմարդկային ոճիրն էր, տակաւին իր հատուցումը չէ ստացած։
Վարչութիւնը ամէն տարուան նման, այս տարի եւս բոլոր մասնակիցներուն բաժնած էր այս առիթով պատրաստուած յատուկ շապիկներ: Աւելի քան 4 ժամերու վրայ երկարող այս քայլարշաւին, «Super King Market»ը տրամադրած էր պտուղներ եւ ջուր, այս ձեւով քաջալեր հանդիսանալով այս էական աշխատանքին:
Հպարտալի երեւոյթ էր, որ իւրաքանչիւր մասնակից, այս երկար երթի ընթացքին իր սրտին ու մտքին մէջ հայօրէն ապրելու կամքը կը ցուցաբերէր, առանց յոգնելու կամ տրտնջալու կը շարունակէր իր ճամբան, իբրեւ սրբազան պարտականութիւն՝ հանդէպ իր ազգի նահատակներուն, իր կրօնքին եւ իր հայրենիքին: Այսպէս ՀՄԸՄական սկաուտներն ու իրենց ընկերակցողները, գիշերը ուշ ատեն յուշարձան հասնելով՝ մէկական մոմեր վառած բոլորուեցան յուշարձանին չորս կողմը, միաժամանակ ներկայ եղող ժողովուրդին բաժնելով մոմեր, զանոնք եւս իրենց հետ մասնակից դարձնելով օրուան խորհուրդին: Իրենց համար այդ մոմերը, հաւաքուած Նահատակաց յուշարձան-մատրան առջեւ՝ ուրիշ բան չէր կրնար ըլլար, եթէ ոչ մեր նահատակներու հոգիները լուսաւորող գեղեցիկ երեւոյթ: Անմիջապէս ետք, իբրեւ յարգանքի տուրք Ապրիլեան Եղեռնի նահատակներու յիշատակին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն՝ Նարեկ քհնյ. Փեհլիվանեանի եւ Խորէն քհնյ. Պապօշեանի կողմէ, ապա սկաուտական կազմի անդամները իրենց ծնողներուն հետ մեկնեցան՝ իրենց մտքին մէջ անգամ մը եւս արմատացնելով, թէ 94 տարիներ առաջ գործուած էր Ցեղասպանութիւն մը, որ տակաւին իր արդար հատուցումը չէ ստացած: