ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Մայիս 5ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Թուրքիոյ ուժանիւթի նոր նախարար թանէր Եըլտըզ վստահեցուց Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար տարուող աշխատանքները վնաս պիտի չհասցնեն Ատրպէյճանի հետ ուժանիւթի մարզէն ներս գոյացած համաձայնութիւններուն, յատկապէս նշելով «Նապուքօ» կազատարին ծրագիրը, որուն ապագան կասկածի տակ առնուած է Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կազ արտածելու համաձայնութիւն մը կնքելու բանակցութեանց պատճառով:
Նախարարը աւելցուց, թէ ուժանիւթի մարզը կրնայ նոյնիսկ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու աշխատանքներուն նպաստել:
«Ոչ մէկ նպատակ կայ Ատրպէյճանի հետ համաձայնագիրներու գործադրութիւնը յետաձգելու», շեշտեց Եըլտըզ:
Միւս կողմէ, թրքական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ որոշած է հանդիպում մը ունենալ ընդդիմադիր Հանրապետկան ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Տէնիզ Պայքալի հետ, քննելու համար Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու ծալքերը: Պայքալ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու աշխատանքները քննադատողներէն մէկն է: