ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Մայիս 22ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Jethro Tull» խումբի երկու մասերէ բաղկացած համերգը, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ ոչ միայն հասարակական զանգուածներու, այլ նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ, յանձինս վարչապետին, ելեւմուտի եւ կրթութեան նախարարներուն:
1968ին կազմուած «Jethro Tull»ի գործունէութեան աւելի քան 40 տարիներու ընթացքին, խումբը լոյս ընծայած է շուրջ 40 ալպոմ, որոնցմէ ծախուած է աւելի քան 50 միլիոն օրինակ, իսկ տարեկան դրութեամբ՝ խումբը կ՛ունենայ շուրջ 100 համերգ:
«Անդրկովկասի մէջ նմանատիպ խումբ առաջին անգամն է, որ ելոյթ պիտի ունենայ», ըսած են բրիտանական աշխարհահռչակ «Jethro Tull»ի համերգին կազմակերպիչները, որոնց հետ կը համագործակցին «Լոյս» հիմնադրամը եւ «Ամերիապանք»ը:
Մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունենալիք համերգին պիտի ներկայացուին խումբի նախապէս յայտնի, նաեւ նոր գործերէն կատարումներ:
Նշենք, թէ նշեալ համերգի կազմակերպիչ «Վիպրոկրաֆուս» ընկերութիւնը կը նախատեսէ յառաջիկային Երեւանի մէջ նաեւ կազմակերպել համերգներ՝ «Deep Purple» խումբի եւ «Պիթլզ»ի անդամ Փոլ Մաքարթնիի կատարողութեամբ: