ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Ռեկնում» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան հայ-թրքական մերձեցման մասին համոզում յայտնած է, թէ նախապատուութիւն պէտք է տրուի ոչ թէ սահմանի բացման, այլ՝ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու բնականոնացման, նշելով, որ երբ մեր իշխանութիւնները ճանապարհի բացման հարցը անկիւնաքար կը դարձնեն, Հայաստան կ՛իյնայ անբարենպաստ դրութեան մէջ, «քանի որ Թուրքիան սկսում է պատկերացնել, թէ մեծ բարեգործութիւն է անում Հայաստանին, այն դէպքում, երբ դա նրա պարտականութիւնն է: Թուրքիան է փակել սահմանը, նա էլ պիտի բացի», ըսած է Վ. Յովհաննիսեան:
Մեկնաբանելով Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարներու Ապրիլ 23ի համատեղ յայտարարութիւնը՝ դաշնակցական ղեկավարը ընդգծած է, որ այդ փաստաթուղթը «շատ է թուլացրել Հայաստանի դիրքերը»: Այնուամենայնիւ, ըստ Յովհաննիսեանի, Դաշնակցութեան համար անընդունելի է «Թուրքիայի կողմից նախապայմանների առաջադրումը՝ թէ՛ քօղարկուած, թէ՛ բացայայտ ձեւով», ինչպէս նաեւ ՀՅԴն բացարձակապէս կը մերժէ Հայաստանի կողմէ Կարսի պայմանագիրի ընդունումը, կամ հայ-թրքական սահմանի բացման հարցը Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հետ կապելը:
Դաշնակցական գործիչը նաեւ անընդունելի կը համարէ Թուրքիոյ պահանջը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերը դադրեցնելու ուղղութեամբ, կամ պատմաբաններու յանձնախումբի մը ստեղծումը. «Այստեղ թակարդի հնարաւորութիւնը շատ մեծ է», համոզուած է Յովհաննիսեան: