ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Աղաբէկեանի փոխարէն, Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց մշտական յանձնաժողովի նախագահի, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕի խորհրդարանական վեհաժողովին Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավարի պաշտօնները պիտի ստանձնէ ԱԺ նախկին փոխնախագահ Հրայր Կարապետեանը: