ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Լոնտոնի մէջ արաբերէնով հրատարակուող «Հայաթ» թերթը հրապարակած է Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ մշակած քաղաքականութեան մասին յօդուած մը, ուր կը պնդուի, թէ Թուրքիա այս հարցին մէջ «մէկ քայլ առաջ, մէկ քայլ ետ» քաղաքականութիւնը որդեգրած է։
Թերթը կը գրէ, որ Ապրիլ ամիսը պատմութեան ամենամեծ սպանդներէն մէկուն՝ 1.5 միլիոն հայերու Ցեղասպանութեան տարելիցը կը բերէ: Թուրքիա, որ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդն է, ճիշդ այս տարելիցի օրերուն հաղորդեց, թէ Հայաստանի հետ համաձայնած է «ճամբու քարտէս»ի մը շուրջ՝ ազդանշան տալով, թէ կ՛ուզէ յարաբերութիւնները բարելաւել ու վերաբանալ 1993էն ի վեր փակ մնացած Հայաստանի հետ սահմանադուռը։ «Սակայն, ճիշդ այդ վայրկեանին, Թուրքիա ետ կանչեց Օթթաուայի մօտ իր դեսպանը, առարկելով Հայկական Ցեղասպանութեան մասին քանատացի պաշտօնատարներուն յայտարարութեանց դէմ:
Դեսպանին ետ կանչուիլը հարցման նշան ստեղծող հեգնական պատահար մըն էր», կը գրէ թերթը։ «Այս հեգնանքին մակարդակը աւելի կը բարձրանայ, երբ թրքական թերթերը կը սկսին քարոզել, թէ օսմանցին ջարդերուն պատասխանատու չէ, այլ հայերը զոհուեցան, որովհետեւ թուրքերուն դէմ սպանդներ կազմակերպեցին։ Այս սպանդը մեծ արգելք հանդիսացաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն։ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումի մերժումը նաեւ անոր առջեւ արգելքներ ստեղծեց Եւրոմիութեան ճամբուն վրայ։ Նոյն հակամարտութիւնը ստեղծուեցաւ Ֆրանսայի հետ, երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը 2006ին ընդունեց օրէնք մը, որով Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէական յանցանք կը նկատուէր», կ՛աւելցնէ թերթը, որ նաեւ մանրամասնութիւններ կու տայ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն մասին:
«Նախագահ Պարաք Օպամա Անգարա այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ իշխանութիւններու հետ քննեց հայկական ջարդերու հարցը, սակայն, որպէսզի նոր հակամարտութիւններ չստեղծուին, Անգարային քաջալերեց, որ բարեացակամութիւն ցոյց տայ Հայաստանի նկատմամբ։
Զուիցերիոյ մէջ սկսած բանակցութիւնները դադրած էին, երբ թուրք քաղաքագէտներ շարունակած էին ժխտել Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Օպամայի այցելութեան նախօրեակին բանակցութիւնները վերսկսան նոր թափով։ Թուրքիոյ լուսաբանութիւնները կրնան մէկ տարի յետաձգումի ենթարկել Քոնկրէսի բանաձեւին վաւերացումը։ Թուրքիոյ ժխտումը կրնայ օգնել, որ Թուրքիոյ փողոցներուն մէջ ցոյցեր չկատարուին, սակայն մինչեւ այն ատեն, որ Թուրքիա Ցեղասպանութեան իրողութիւնը չընդունի, կասկածի տակ պիտի դնէ Էրտողանի կառավարութեան կողմէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ կատարուած կոչերուն ճշմարտախօսութիւնը», կ՛եզրակացնէ թերթը։