ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանը ներկայացնող Ինգա եւ Անոյշ Արշակեան քոյրերը Մայիս 12ի երեկոյեան, Մոսկուայի մէջ յաջողութեամբ անցան «Եւրոտեսիլ-2009» երգի մրցոյթի կիսաեզրափակիչ հանգրուանը: Անոնք հանդէս եկան «Նոր պար» երգով, որուն երաժշտութիւնը գրած է Մանէ Յակոբեան, իսկ խօսքերը՝ Աւետ Բարսեղեան (հայերէն մասը) եւ Վարդան Զադոյեան (անգլերէն մասը), իսկ գործիքաւորումը կատարած է Արա Թորոսեան: Երգի բեմականացումը, հագուստները, դիմայարդարումը եւ սանտրուածքը կատարուած են ռուսական FRESH ART ընկերութեան կողմէ:
Հայաստանէն բացի, եզրափակիչ հասած են Թուրքիան, Իսլանտան, Իսրայէլը, Մալթան, Պոսնիա-Հերցեկովինան, Շուէտը, Փորթուկալը, Ֆինլանտան եւ Ռումանիան: Երկրորդ կիսաեզրափակիչը պիտի կայանայ Մայիս 14ին, որոշելու համար վերջին եզրափակիչի միւս 10 մասնակիցները, իսկ Մայիս 16ին ելոյթ պիտի ունենան մրցոյթի հիմնադիր չորս երկիրները՝ Ֆրանսան, Գերմանիան, Մեծն Բրիտանիան եւ Սպանիան, ինչպէս նաեւ՝ «Եւրոտեսիլ-2008»ին յաղթող Ռուսիոյ ներկայացուցիչները: