Երուսաղէմէն Շահան սրկ. Քէօսէեան կը տեղեկացնէ, թէ այսօր, Ուրբաթ, Մայիս 15ի առաւօտեան, Հռոմի սրբազան քահանայապետ Պենետիքթ ԺԶ պապը պիտի այցելէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան, ուր պիտի դիմաւորուի պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանի, լուսարարապետ եւ պատրիարքական փոխանորդ Նուրհան արք. Մանուկեանի, միաբանութեան անդամներու, Երուսաղէմի հայ ժողովուրդի եւ ներկայացուցիչներու կողմէ: