ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ֆրանսայի «Քոլէքթիֆ Վան» կայքէջին վրայ հրատարակուած է «Հասարակական կազմակերպութիւններ եւ թուրք մտաւորականներ պետութեան ուրացման քաղաքականութեան ծառայութեան մէջ» խորագիրով նիւթ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Եւրոպայի Հայ Դատ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Լորան Լէյլէքեան, զանազան նիւթերու մասին արտայայտուելու ընթացքին խօսած է նաեւ թուրք մտաւորականներու մասին:
Ան յայտնած է, որ հայերուն կողմէ զարմանքով դիմաւորուած են այն թուրք մտաւորականները, որոնք 2000ական թուականներէն ի վեր սկսած են խօսիլ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ հայերուն մասին: Լէյլէքեան տուած է անունները Այշէ Հիւր, Էրօլ Էօզքորայ, Պասքըն Օրան եւ Ահմէտ Ինսէլի եւ յայտնած է, որ այս անձերուն հասարակաց հայեցակէտը քէմալականութեան բացայայտ քննադատութիւնն է։
Լէյլէքեան սակայն քննադատած է այն թուրք մտաւորականները, որոնք կը փորձեն Հայկական Հարցը ձեռք առնել տարբեր տեսանկիւնէ, նաեւ Ցեղասպանութեան իմաստը փոխելու ուղղութեամբ քայլեր կ՛առնեն։ Անոնք կը խօսին ամօթապարտ մնացած ըլլալու մասին, կ՛ուզեն Հայկական Հարցին մասին խօսիլ միայն «պատմաբաններու եւ մասնագէտներու կողմէ արխիւներու ուսումնասիրութենէն ետք», եւ «բոլորս ալ ցաւ կրեցինք»ի քաղաքականութիւնը առաջ կը մղեն:
Լէյլէքեան ըսած է, որ թուրք մտաւորականներու հետ երկխօսութիւն հաստատելու համար պէտք է կարգ մը պայմաններ առաջ քշել։ Անոնք պէտք է ընդունին Ցեղասպանութիւնը ո՛չ թէ իբրեւ ողբերգութիւն մը, այլ յստակօրէն իբրեւ ցեղասպանութիւն։ Պէտք է նաեւ ապահովուի, որ Թուրքիա, որպէս Օսմանեան պետութեան շարունակութիւնը, ստանձնէ այս նիւթի իրաւական եւ բարոյական պատասխանատուութիւնը։
Լէյլէքեան ըսած է, որ Ռակըպ Զարաքօլու եւ Այշէ Կիւնայսու այս պայմանները ամբողջացուցած մտաւորականներ են արդէն, իսկ Թանէր Աքչամ անհասկնալի դիրքաւորումէ մը անցած է դէպի ընդունելի դիրքորոշում: