ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այսօրուան «Ասպարէզ»ի առաջին էջին վրայ երեք տեղական, գաղութային թարմ իրադարձութեանց լրատուութիւն ներկայացնելու որոշումով, խմբագրութիւնս պատգամ մըն է, որ կ՛ուզէ փոխանցել: Այս հսկայ գաղութին արժանաւորապէս ծառայելու համար, մենք այսպիսի արագ լրատուութեան պատկերացումը ունինք:
Անմիջապէս պէտք է նշենք, որ այս երեք լրատուութիւններն ալ մեզի փոխանցած են մեր թերթին կողքին կանգնած կամաւոր աշխատակիցներ, որոնց մեր անհուն երախտագիտութիւնը կը յայտնենք: Յատկապէս կը գնահատենք այն յաւելեալ ճիգն ու զոհողութիւնը, զորս Գէորգ Պետիկեանը, Զարեհ Աճէմեանն ու Էրւին Եաղուպեանը ի սպաս դրին՝ ընդառաջելով մեր դիմումին, որպէսզի յաջորդ առաւօտ իսկ մեզի հասցնեն այս երեք կարեւոր ձեռնարկներուն թղթակցութիւնները:
Եաղուպեանի պարագային, առարկայական պատճառներով ուշացում եղաւ: Մենք իրազեկուած էինք այդ պատճառներուն մասին, եւ այդ իսկ պատճառով տեղին կը նկատենք այս գնահատումը:
Հիմա. մեր բոլոր աշխատակիցներէն ու թղթակիցներէն կը խնդրենք ցուցաբերել նոյնպիսի «օպերատիւ»ութիւն, ինչպէս պիտի ըսէին մեր Հայաստանի պաշտօնակիցները, այսինքն՝ գործունեայ, արագ վերաբերում:
Կը հասկնանք, որ անկարելի պահանջ մըն է ասիկա, բայց եւ այնպէս պարտաւոր կը զգանք զայն ներկայացնելու: Թերթը այսպիսով աւելի՛ լաւ կը շնչէ: Գաղութը այսպիսով աւելի լաւ կը շնչէ, ու մենք միասին կրնանք անցնիլ արդէն այլ ծրագիրներու իրականացման: