ԱՐՑԱԽ, «Հետք».- Մայիս 23ին Արցախի 164 հանրակրթական դպրոցներու մէջ հնչեց վերջին զանգը եւ դպրոցական կեանքին հրաժեշտ տուին 1582 աշակերտներ, որոնց մեծ մասը 1992 թուականին ծնած երեխաներ են:
Այս երեխաները լոյս աշխարհ եկած են պատերազմական պայմաններու մէջ, աչքերը բացած՝ նկուղներու մէջ, տեսնելով միայն մթութեան մէջ լողացող աղօտ լոյս մը եւ լսելով ռումբերու ու հրթիռներու պայթիւնները:
Ասոնք այն երեխաներն են, որոնց մայրերը արցունքոտ աչքերով իրենց ամուսինները ռազմաճակատ ճամբած են եւ անհամբեր սպասած՝ անոնց ողջ եւ առողջ վերադարձին:
Այդ շրջանաւարտներէն ոմանք ծնած եւ հասակ առած են արդէն իսկ ազատագրուած Շուշիի եւ հրթիռակոծութենէն ազատուած Ստեփանակերտի մէջ, եւ իրենց համար Ղարաբաղի կարգավիճակի՝ տարածքներ յանձնելու հարցերը, անհեթեթ են ու անհասկնալի։