ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, Դամասկոսի մէջ, անցեալ Կիրակի, Իսլամական խորհրդաժողովի անդամ երկիրներու 36րդ նիստին մասնակցելէ ետք, խօսելով լրագրողներու հետ, յայտնած է, որ Հայաստան «բացասական ճնշում կը բանեցնէ» Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման բանակցութիւններուն վրայ:
«Ես կը փափաքէի կառուցողական գոնէ մէկ ձայն լսէի Հայաստանի կողմէ», յայտարարած է Մամետեարով՝ աւելցնելով, որ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան գալէն ի վեր հայ-ատրպեճանական բանակցութիւններուն մէջ նոյնիսկ կէս քայլ յառաջխաղացք չէ արձանագրուած: