ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներով աւագանիի կազմին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլայ երեք քաղաքական ուժ՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) (շուրջ 47.1 տոկոս), «Բարագաւաճ Հայաստան»ը (շուրջ 22.6 տոկոս) եւ Հայ Ազգային կոնգրէս նախընտրական դաշինքը (շուրջ 17.3 տոկոս). միւս կուսակցութիւնները չյաղթահարեցին սահմանուած 7 տոկոսի շէմը: Անոնց տոկոսները կը վերաբաշխուին շէմը անցած կուսակցութիւններուն, ինչ որ կրնայ ՀՀԿին ապահովել բացարձակ մեծամասնութիւն: Այսպիսով, ՀՀԿ ստացած է տեղերու 40 տոկոսէն աւելին, եւ «Երեւան քաղաքում տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքի համաձայն, տեղերու բացարձակ մեծամասնութիւնը կը տրուի այդ կուսակցութեան:
Ըստ նոյն օրէնքին, եթէ աւագանիի ընտրութիւններու արդիւնքով ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններէն մէկը աւագանիի անդամներու տեղերուն 50 տոկոսէն աւելին ստանայ, այսինքն՝ բացարձակ մեծամասնութիւնը, հետեւաբար այդ կուսակցութեան թեկնածուներու ցուցակի առաջին հորիզոնականին գտնուող անձը կը համարուի ընտրուած քաղաքապետը:
Քաղաքապետը իր լիազօրութիւնները կը ստանձնէ ընտրուելէն ետք՝ երրորդ օրը, աւագանիի նիստի ընթացքին, Երեւանի բնակիչներուն տրուած երդումով: Ըստ օրէնքի, նորընտիր աւագանիի առաջին նիստը կը գումարուի աւագանիի անդամներու ընտրուելուն վերաբերեալ որոշման պաշտօնական հրապարակումէն ետք՝ յաջորդ Երկուշաբթի օրը: Ընտրական օրէնսգիրքին համաձայն, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը քուէարկութենէն ոչ ուշ քան 7 օր ետք, կ՛ամփոփէ ընտրութիւններուն արդիւնքները: Այսպիսով, աւագանիի նիստը կը նախատեսուի Յունիս 8ին:
Աւագանին կրնայ ունենալ խմբակցութիւններ, որոնք կը uտեղծուին նորընտիր աւագանիի առաջին նստաշրջանի բացման oրը. հնարաւոր է ստեղծել ոչ աւելի քան 4 մշտական յանձնաժողով կամ ժամանակաւոր յանձնաժողովներ։
Երեւան քաղաքը կը բաժնուի 12 վարչական շրջաններու, որոնց ղեկավարները կը նշանակուին եւ կ՛ազատուին քաղաքապետին կողմէ։
Աւագանիի ընտրութիւններէն ետք, Երեւանի թաղային համայնքները կը համարուին վերակազմակերպուած՝ իբրեւ Երեւան համայնք։