ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու յայտարարեց, թէ Թուրքիա կը փափաքի Երեւանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել:
«Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու համար, մենք կ՛ուզենք բնականոնացնել յարաբերութիւնները դրացի բոլոր երկիրներուն, ներառեալ՝ Հայաստանի հետ», ըսաւ ան:
Նախարարին համաձայն, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար անհրաժեշտ է լուծել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ հիմնախնդիրները: «Իւրաքանչիւրը պէտք է հնարաւոր ամէն քայլի դիմէ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար», աւելցուց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Նախարարը նաեւ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնը «տիպար գործընկերութիւն» որակեց:
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան Հինգշաբթի օր հերքեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ Ուաշինկթընի մէջ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները մօտիկ ապագային Իտալիոյ մէջ եւս հանդիպում մը պիտի ունենան: