ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Յունիս 3ին ՆԱԹՕի երեւանեան տեղեկատուական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է ՆԱԹՕի փորձագէտ Եան Մալտերի հանդիպում-սեմինարը՝ լրագրողներու, ուսանողներու եւ փորձագէտներու հետ, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի պետական գերատեսչութիւնները: Դաշինքի փորձագէտը ներկայացուցած է ճգնաժամային իրավիճակներու կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու ատեն զանգուածային լրատուամիջոցներու դերակատարութեան մասին զեկոյցները:
«Եթէ Հայաստան յայտնուի ճգնաժամային իրավիճակի մէջ, ան պիտի կարենայ դիմել Տարերային աղէտներու եւ վթարներու արձագանգման եւրոատլանտեան համակարգող կեդրոն: Այնտեղ իւրաքանչիւր երկիր ունի իր մատեանը, ուր կը գրանցուին տուեալ երկրին՝ ճգնաժամային վիճակի մէջ յայտնուած այլ երկիրներու աջակցելու կարողութիւնները», նշած է Եան Մալտեր:
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի համար իւրայատուկ կարեւորութիւն ունի տեղեկատուութեան հաւաքումը եւ տարածումը՝ ճգնաժամային իրավիճակներու ժամանակ:
Անդրադառնալով նման իրավիճակներու մէջ ՆԱԹՕին ունեցած դերին՝ Եան Մալտեր նշած է, որ պաղ պատերազմէն ետք դաշինքը փոխուած է եւ հանդէս եկած է իբրեւ քաղաքական կազմակերպութիւն, այլ ոչ թէ՝ ռազմական: