ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վերջերս Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) ուսանողական թերթին՝ «Տէյլի Պրուըն»ի խմբագիր նշանակուած է Ալին Չէքմէճեան, որ արդէն իսկ փորձառու անդամ մըն էր անոր կազմէն ներս:
Ալին Չէքմէճեան տարիներով աշխատակցած է «Տէյլի Պրուըն»ի լրատուական եւ արուեստի բաժանմունքներուն, ինչպէս նաեւ համացանցային կայքին համար, ուր որոշ ժամանակուան մը համար անոր խմբագիրի տեղակալն էր:
Անցեալ տարուան ընտրութեանց առիթով, Ալին Չէքմէճեան Քալիֆորնիոյ տարածքին գործող համալսարանին բոլոր մասնաճիւղերը այցելած էր՝ ընտրութեանց մասին ուսանողներուն կարծիքը շօշափելու համար, եւ այդ մասին յօդուածաշարք մը հեղինակած էր:
Իբրեւ «Տէյլի Պրուըն»ի խմբագիր, ան պատասխանատու պիտի ըլլայ մօտաւորապէս 400 հոգինոց պաշտօնէութեան մը աշխատանքներուն, միաժամանակ հետեւելով իր ամէնօրեայ դասերուն: