«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հարցումով մը դարձեալ դիմեցինք իրաւաբան, Հայ Դատի գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սեդօ Պոյաճեանին:
Մեր հարցումը. Տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն տակ Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամի թելեթոնի արդիւնքները շատ քաջալերական էին, նոյնիսկ՝ անակնկալ:
Դուք այդպիսի արդիւնք կը սպասէի՞ք: Ինչպէս կը գնահատէք տարուած աշխատանքը եւ ի՞նչ պարտաւորութեան տակ կը դնեն այդ արդիւնքները՝ Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամը:
Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին Մայիս 31ի կազմակերպած վեց ժամեայ թելեթոնի արդիւնքը անակնկալ ըլլալէ աւելի վաւերական վկայութիւնը եղաւ Հայ Դատի հիմնադրամի ծրագիրներուն նկատմամբ մեր ժողովրդային զանգուածի (grassroots) ցուցաբերած հաւատքին, զօրակցութեան, պատրաստակամութեան եւ յանձնառութեան: Որքան ալ քանակական առումով տպաւորիչ թուի շուրջ 2.6 միլիոն տոլար հանգանակութիւնը, մանաւանդ ներկայ տնտեսական աննպաստ պայմաններուն մէջ, թելեթոնի որակական յաջողութիւնը կայացաւ նուիրատուներու քանակին մէջ, ուր անցեալ թելեթոնի մասնակիցներու թիւը գերազանցելով՝ բազմահազար հայ թէ ոչ հայ ծագումով ամերիկացիներ, իրենց նիւթական ու բարոյական նեցուկը տրամադրեցին Հայ Դատին:
Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ թելեթոնի պատրաստութեան եւ գործադրութեան աշխատանքի գնահատումը կատարել երկու մակարդակներով՝ ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան:
Ձեւական մակարդակը կը վերաբերի թելեթոնի նախապատրաստական աշխատանքներուն, յայտագրի պատրաստութեան, ծրագրի բովանդակութեան դասաւորման, նուիրատուներէն խոստումներու նախօրօք ապահովման, թեքնիք հարցերու կարգաւորման, եւ այլն: Այս մակարդակի վրայ հարիւրաւոր կամաւորներ իրենց անգնահատելի մատուցումը կատարեցին, որպէսզի թելեթոնը սկսի ու աւարտի առաւելագոյն հեզասահութեամբ, բարձրորակ բովանդակութեամբ, արհեստավարժ ոճով եւ նուիրատուներու քանակական թէ որակական զգալի մասնակցութեամբ:
Թելեթոնի աւարտին բոլորիս համար ակներեւ էր, թէ նշեալ մարզերէն ներս նկատի առնուած թիրախներն ու անոնցմէ ակնկալուած տարողութիւնը մեծապէս գնահատելի էին: Ամիսներու աշխատանքը ինքզինք արդարացուցած էր. իսկ կամաւոր աշխատողները, որոնց մեծ մասը բաղկացած էր երիտասարդ ուժերէ, կը զգային իրենց աշխատանքին բարոյական բաւարարութիւնը:
Միւս կողմէ, ըստ էութեան, թելեթոնի նպատակային խորքը կը կայանար իր փոխանցելիք պատգամին մէջ: Ասոր համար նախ անհրաժեշտ էր Հայ Դատի հիմնադրամի պատգամը հասցնել առաւելագոյն թիւով ամերիկահայերու եւ ամերիկացի քաղաքացիներու: Առ այդ, թելեթոնը սփռուեցաւ ամերիկեան մաշտապով՝ յատկապէս կեդրոնանալով բոլոր այն նահանգներուն եւ քաղաքներուն վրայ, ուր բնակութիւն հաստատած են հայ ծագումով քաղաքացիներ:
Երկրորդ, հանրութեան պէտք էր զեկուցել Հայ Դատի հիմնադրամի նուաճած աշխատանքներու մասին: Ուստի, անձնական վկայութիւններով եւ պատրաստուած տեսաերիզներու թողարկումով, ժողովուրդը իրազեկ դարձաւ անցնող շրջանի մեր գործունէութեան, որուն առանցքը կը կազմէ Ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն հետապնդումը:
Երրորդ, պատգամը պէտք է ժողովուրդին տրամադրէր ապագայի աշխատանքին խոստումը: Այս ուղղութեամբ շեշտուեցան հետեւեալ կէտերը. ամերիկեան հանրութեան մօտ Հայկական Ցեղասպանութեան գիտակցութեան ուսուցումը, ամերիկահայ երիտասարդութեան հանրային ծառայութեան պատրաստութիւնը, անոնց համար վարժողական ծրագիրներու կիրարկումը՝ հմտանալու համար Ամերիկեան քաղաքական գործընթացին:
Պէտք է գոհունակութեամբ արձանագրել, որ թելեթոնը կրցաւ այս պատգամը լիովին ու հարազատօրէն փոխանցել ժողովուրդին: Պատգամը ինքնին շատ պարզ է. սկսած է մեր հարցերու հետապնդման համար նոր ու մասնագիտացած զինուորագրեալներու պատրաստութեան աշխատանքը: Հայ Դատի հիմնադրամին դաստիարակչական յայտագիրներու ճամբով, ինչպիսին են Ուաշինկթընի մէջ Internship-ի եւ Capital Gateway Program-ի ծրագիրները, պիտի պատրաստուին առաւելագոյն թիւով ամերիկահայ երիտասարդներ՝ դառնալու համար լոպպիիստներ, դաստիարակներ, քոնկրէսական օգնականներ եւ կառավարական պաշտօնատարներ:
Թելեթոնին պատգամը այսօր մեզի դէմ յանդիման կը դնէ՝ ամերիկահայ երիտասարդութիւնը ամերիկեան քաղաքական կեանքէն ներս ղեկավարներ դարձնելու ծանր պարտաւորութեան մարտահրաւէրին հետ:
Թելեթոնի ընթացքին Հայ Դատի հիմնադրամը պատգամը զուգորդեց սոյն մարտահրաւէրին ընդառաջելու խոստումով: Հիմա կը սկսի գործադրութեան ժամը: