Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Վերջերս, Փասատինայի ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութիւնը, համագործակցաբար շրջանի յարակից քոյր միութիւններուն, ներկայի Հայ կեդրոնէն հարաւարեւելքը գտնուող կալուած մը գնելով՝ տէրը դարձաւ սեփական նոր Հայ կեդրոնի մը:
Այս հողաշերտին վրայ արդէն իսկ կան սրահներ եւ գրասենեակներ, որոնք վերանորոգման աշխատանքներէ ետք պիտի տրամադրուին շրջանի ՀՄԸՄին, ՀՕՄին, ՀԵԴին եւ յարակից միւս միութիւններուն, որպէսզի անոնք հոն շարունակեն իրենց ազգանուէր գործունէութիւնը:
Իր կարգին, ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղը, իբրեւ մէկ անբաժան մասնիկը համայքին, կեդրոնէն ներս պիտի ունենայ իր գրասենակներն ու մարզադաշտը: Այս նորութենէն մեկնած, զրոյց մը ունեցանք «Ազատամարտ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Կարապետեանի հետ, որ մեզ փոխանցեց հետեւեալը.
«Կրկնութեան գնով, մեր անդամներուն եւ ընթերցասէր համակիրներուն կ՛ուզեմ պարզել, թէ հայ ժողովուրդին համար, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին, եթէ մեր երիտասարդութիւնը մեր վաղուան յոյսն է, ուստի մեզի համար ՀՄԸՄը կը հանդիսանայ առողջ միտքով ու մարմինով թրծուած այդ երիտասարդութեան ներկայացուցիչը, որ վստահութեամբ կը քալէ դէպի ապագայ: Ճիշդ ասկէ մեկնած, աւելի քան երեսուն տարիներ առաջ, իր հիմնադրութենէն ի վեր, բոլոր միւս միութիւններուն նման, ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի իրերայաջորդ վարչութիւններուն մեծագոյն երազը եղած էր սեփական կեդրոնի մը կամ մարզադաշտի մը տէրը դառնալ:
«Այս բոլորը անոր համար, որ ազգային մեր կեանքէն ներս ՀՄԸՄը հանդիսացած է երկրորդ դպրոց, որ կը շարունակէ մեր ժողովուրդի մատղաշ սերունդի երկսեռ ներկայացուցիչները, պատանիներն ու երիտասարդները մէկ յարկի տակ դաստիարակել՝ մեր բոլոր սրբազան արժէքներով:
«Շարունակելու համար հայակերտումի իր այս սրբազան առաքելութիւնը, վարչութիւնները միշտ իրենց մտքերուն մէջ այս գաղափարը վառ պահած են եւ որոշած անպայմանօրէն ի գին ամէն զոհողութեան իրականութիւն դարձնել:
Այս օրերուն, երբ շրջանի ՀՅԴ կոմիտէն նոր Հայ Կեդրոնի մը տէրը դառնալու մասին կը ծրագրէր, ՀՄԸՄն ալ, յարակից միութիւններու կողքին կանգնելով՝ նեցուկ կանգնեցաւ այս գաղափարին եւ ահա իրականութիւն դարձուց զայն:
«Միութեան կանոնագրին համաձայն, այս ծրագիրը իր բոլոր մանրամասնութիւններով պիւտճէական, ապագայի ծախսերու ու ծրագիրներու տուեալներով եւ գաղափարներով եւ մանաւանդ յատուկ տեսաերիզի պատրաստութեամբ, նախ հրամցուեցաւ մասնաճիւղիս անդամական արտակարգ ընդհանուր ժողովին՝ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ներկայութեան:
Ի պատիւ մեր անդամներու գիտակացութեան, պէտք է ըսել, որ սեփական մարզադաշտ մը ունենալու այս երազի իրականացման առաջարկը, միաձայնութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ:
Նոր Հայ կեդրոնի հասցէն է՝ 2242 Foothill Blvd. Pasadena, CA: Կալուածին տարածութիւնն է՝ 42,000 քառ. ոտք, որուն շուրջ 4 հազարը տրամադրուած է ՀՄԸՄին:
«Այս կալուածէն ներս կ՛իյնան վարչութեան, մարզական եւ սկաուտական գրասենեակներն ու սրահ մը, որ շուտով մեր մարզական խումբերուն համար փորձերու յատուկ մարզադաշտի պիտի վերածուի:
Գրասենակներու, մարզադաշտի վերանորոգման եւ զանազան այլ ծախսերու մատակարարումն ու հոգածութիւնը ՀՄԸՄը իր ուսերուն վրայ առած է: Եւ վերջապէս, ՀՄԸՄը մեր ազգային կեանքի մայր էջին մէջ մնացած է եւ տակաւին պիտի մնայ ուժական ներկայութիւն, ծառայասիրութեան եւ ինքնազոհողութեան գերագոյն իր օրինակներով:
Առ ի գիտութիւն յայտնեմ նաեւ, թէ ներկայիս մասնաճիւղս ունի աւելի քան 28 պասքէթի եւ 8 ֆութպոլի երկսեռ խումբեր, որոնք իրենց շաբաթական փորձերը կը կատարեն վարձու մարզադաշտերու վրայ:
Լաւատեղեակ ենք, թէ մեր ծնողները ի՛նչ զոհողութիւններով իրենց զաւակները մէկ դաշտէն միւսը կը տանին, կը բերեն, եւ վերջապէս հոգատար կը դառնան անոնց մարզանքի աշխատանքներուն:
«Մեր այս նոր մարզադաշտի դրութեամբ, ծնողները իրենց զաւակները նոր կեդրոն պիտի բերեն ու անոնք կրնան հոն մնալ, որովհետեւ իրենց ալ զբաղմունքի յատուկ պայմաններ պիտի ստեղծուին՝ ընտանեկան յատուկ մթնոլորտով:
Տեղին է յիշել նաեւ, թէ մարզադաշտի վերանորգման աշխատանքներու աւարտման ժամկէտ նկատի առնուած է յառաջիկայ Յուլիսի վերջը: Յոյսով ենք, բոլորին դրական աջակցութեամբ մեր այս յոյսերը կ՛իրականանան:
«Տակաւին, այս նոր Հայ կեդրոնի հողաշերտին վրայ կը ծրագրենք կառուցել նոր մարզադաշտ մը, օրինաւոր չափերով, որուն շնորհիւ պիտի կարենանք մեր բոլոր խումբերուն ապահովել փորձերու եւ մրցումներու դաշտ: Այս մէկուն իրականացումը մօտիկ ապագայի վրայ հիմնաւորուած է: Անկասկած, որ օրին իրազեկ պիտի դարձնենք մեր գաղութը այս նոր ծրագրին մասին:
Մեզի համար, ներկայ ծրագրումով եւ տուեալներով Հայ կեդրոնը պիտի ստանձնէ ակումբի իրավիճակը: Այսպէս, մեր փոքրերը, սկաուտներն ու մարզիկները, ծնողներն ու համակիրները պիտի ունենան ապահով վայր մը, ուր կարելի պիտի ըլլայ կեդրոնացած աշխատանք տանիլ, զգալ տալ սեփականութեան ոգին եւ միութենական իրենց ծրագիրները ընդարձակելու առիթը շնորհել:
«Տակաւին, եթէ վերեւ յիշուածները յետմիջօրէի կամ երեկոյեան աշխատանքներու կամ ծրագրումներու շրջանակին մէջ կ՛իյնան, մտածուած է նաեւ ցերեկային կամ օրուան ընթացքին զանազան այլ զբաղումներով կեդրոնը դարձնել իսկական հայկական մթնոլորտով ու ոգիով լեցուն հաւաքավայրի մը:
Այսպէս, ակումբային դրութեան բոլոր պայմանները ամբողջացնելու միտումով, սկաուտական կամ մարզական զանազան զբաղմունքներու կողքին, կը ծրագրուի մարմնամարզանքի յատուկ բաժին մըն ալ ունենալ, ծնողներու զանազան զբաղմունքներու համախմբումներ ծրագրել, համակարգիչի յատուկ դասեր տրամադրել: Մէկ խօսքով, ակումբը դարձնել աշխոյժ, առոյգ եւ օգտակար:
ՀՄԸՄը մարդուժ եւ սերունդներ դաստիարակող կառոյց մըն է, որ իբրեւ լուսատու եւ յուսատու փարոս կը ծառայէ սփիւռքեան եւ կամ հայրենի մեր բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր պայմաններուն մէջ: Ան շնորհիւ իր անդամներուն եւ համակիրներու հսկայ բանակին, կը շարունակէ իր հայանուէր ուղին՝ մնալով ազգային արժէքներ սնուցանող մեծ ընտանիք մը, որուն գոյութիւնը հրամայական է Սփիւռքի ներկայ պայմաններուն մէջ:
Ուստի բոլորս ալ լաւատեղեակ ու քաջատեղեակ ենք, որ կալուածի մը տէրը դառնալը այդքան ալ հեշտ եւ դիւրին բան մը չէ ու չի կրնար ըլլալ: Այս մէկը բեռցուած է բոլորին ուսերուն վրայ:
Մէկ խօսքով, մեր բոլորին ճիտին պարտքն է կառուցել մեր նոր տունը՝ ակումբը: Հայաստանէն հեռու, Հայաստան սիրել եւ պաշտել սորվեցնող, մեր մատղաշ երկսեռ սերունդի հոգիներուն մէջ Արարատ կանգնեցնող մեր այս սիրելի միութեան համար անկասկած, որ կ՛արժէ իբրեւ գերագոյն զոհողութիւն նուիրաբերել՝ հոգեպէս, ֆիզիքապէս եւ նիւթապէս:
«Մենք մեծ հաւատք ունինք մեր գաղութի զաւակներուն հանդէպ: Ճիշդ այս սրբազան հաւատքէն մեկնած եւ իբրեւ շրջանի սրբազան երազի իրականացում, ծրագրած ենք ամէն ամիս կեդրոնանպաստ ձեռնարկներ իրականացնել: Արդէն կեանքի կոչած ենք երեք տարբեր յանձնախումբեր՝ շինարարական, դրամահաւաքի եւ ծրագրումներու, որոնց անդամները օրն ի բուն կ՛աշխատին իրենց լաւագոյնով ներկայանալ հանրութեան եւ յատկապէս պայծառ, վառ ու առողջ երազի իրականացման:
Այս առթիւ եւ առաջին իսկ հերթին, Մայիս 30ին կազմակերպած ենք ճաշկերոյթ դրամահաւաք (այս մասին՝ յառաջիկայ շաբաթ), Փասատինայի այսպէս կոչուած հին Հայ կեդրոնի սրահէն ներս (417 E. Washington). անոր ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրենք մեր այս մարզադաշտի վերաշինութեան ծրագիրներու իրականացման: Այդ երեկոն պիտի խանդավառեն սիրուած երգիչներ Գառնիկ Սարգիսեան եւ Փօլ Պաղտատլեան: Տոմսերու սակ ճշդած ենք հարիւր տոլար: Կը յուսանք, որ համայն գաղութի նիւթական եւ բարոյական ներդումը պիտի ունենանք:
Բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան, որ ՀՄԸՄը մեր նոր սերունդին համար կը շարունակէ մնալ ազգային գոյատեւման սիւն մը, ահաւասիկ այս մէկը առաջին մեծ առիթն է, որ նիւթապէս օժանդակեն այս սրբազան ծրագիրի իրականացման: Այլ խօսքով, բոլորիս նուիրումով է, որ բարձր պիտի պահուի ՀՄԸՄի դրօշն ու անունը»։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Մեր կարգին, ի դէմս այս խանդավառութեան, ուրիշ բան չունինք ըսելու եթէ ոչ, հայու սրտերէն փրթած անկեղծ խօսք մը՝ մարզադաշտդ շնորհաւոր, ո՛վ սիրելի ՀՄԸՄ ու ՀՄԸՄական, եւ բարի վայելում: