ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան Ուրբաթ, Յունիս 5ին յայտարարեց, թէ Ժընեւի մէջ գոյացած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ «ճանապարհային քարտէս»ի պայմաններուն կատարումը կը ձգձգուի Թուրքիոյ կողմէ:
«Գնդակը Թուրքիայի դաշտում է: Յոյսով ենք, որ թրքական իշխանութիւնները կը յարգեն այդ պայմանաւորուածութիւններն ու գործընթացը կը շարունակուի», յայտարարեց փոխնախարարը:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի լրատուական գործակալութիւնները հաղորդեցին, որ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան յայտնած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին բացումը բնականաբար դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ: