ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ազգային մեր կեանքէն ներս եւ յատկապէս միութենական ծիրին մէջ, չկայ այնքան աւելի մեծ հպարտանք, ուրախութիւն եւ ցնծութիւն, որքան միութեանց իրերայաջորդ վարչութիւններու տարիներու մեծագոյն երազին իրականացումը:
Այսպէս, քանի մը ամիսներ առաջ, նախաձեռնութեամբ Փասատինայի ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէին եւ համագործակցութեամբ իր հովանին վայելող բոլոր յարակից միութիւններուն, Փասատինայի հայ գաղութը ականատես եղաւ այս ճշմարտութեան, երբ տէրը դարձաւ նոր Հայ կեդրոնի մը:
Սոյն ակումբէն ներս կոմիտէի, ՀՕՄի, ՀԵԴի եւ Հայ տարեցներու միութեան կողքին, ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղն ալ պիտի ունենայ իր կարիքները հոգացող գրասենեակներն ու յատկապէս փոքրերու մարզադաշտը:
Մէկ խօսքով, հայու ոգիէն ու յատկապէս դրական անհրաժեշտութենէն մեկնած, այս նոր սեփականութեամբ Փասատինայի հայկական իրականութեան մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ:
Գալով ՀՄԸՄ «Ազատամարտ» մասնաճիւղին, շրջանին մէջ սեփական մարզադաշտ ունենալը իր բոլոր բաժանումներով, կը նշանակէր «մեծ խապրիկ», որ իր բոլոր անդամներուն եւ համակիրներուն կ՛աւետէր տասնամեակներ առաջ ծնունդ առած երազին իրականացումը:
Այս մէկը եթէ խօսուն արտայայտութիւնն է, թէ՝ մասնաճիւղը կենսունակ, ժիր եւ գործունեայ է, ապա նաեւ այս նախաձեռնութիւնը պերճախօս արտայայտութիւնն է իր անդամներու գիտակցութեան, թէ պատրաստ են յանձն առնելու բոլոր տեսակի զոհողութիւններ:
Նոր եւ սեփական մարզադաշտի մը տէր դառնալը յայտարար նշան է, թէ շրջանէն ներս գաղութի միասնակամ ուժերու կազմակերպուածութիւն կայ, նոր ընթացք եւ աշխուժութիւն ու մանաւանդ փայլուն ապագայի նկատմամբ կայ մեծ հաւատք, որ վճռակամութեամբ պարուրուած է:
Այս օրերուն, ինծի նման հաւանաբար շատեր ալ, այս նոր Հայ կեդրոն-ակումբ յաճախակի կամ պատահական իրենց այցելութիւններով ականատես եղած էին կամաւոր միութենականներու եւ ընկերներու այն բանակին, որ կեդրոնի բանալիներուն ստանձնումէն անմիջապէս ետք, արդէն կեդրոնը մեղուի բեթակի վերածած գիշերը ցերեկին խառնելով՝ անսահման եւ օրինակելի նուիրուածութեամբ սոյն կալուածի վերանորոգման զանազան եւ բազմազան աշխատանքներուն նուիրուած են:
Մէկ խօսքով՝ կեդրոնաշինութեան մը սրբազան նախաձեռնութեան, որ անշուշտ հարազատ ծնունդն է սոյն «բանակի» անդամներուն հայու շինարար, պատրաստակամ, նուիրումին ու զոհաբերութեան, մաքուր եւ ազգային նկարագրին:
Իր կարգին, շրջանի ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղն ալ իր կամաւորներով օր առաջ սկսած է ճգնիլ՝ վերանորոգելու եւ արդիականացնելու համար կեդրոնէն ներս գտնուող մարզադաշտը, որպէսզի փոքր տարիքի իր մարզիկ-մարզիկուհիները կարենան շուտով իրենց մարզական փորձերը կատարել, իրենց պատկանած միութեան հարազատ ու սեփական դաշտին վրայ:
Այս մեծածախս ծրագիրի իրականացման համար կեանքի կոչուած յանձնախումբը իր դրամահաւաքի առաջին ձեռնարկը իրականացուց Շաբաթ, 30 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Փասատինայի նախկին Հայ կեդրոնի առաւել գեղեցկացած ու զարդարուած սրահին մէջ:
Ձեռնարկին, շրջանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն Պապօշեանի, ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդօ Շանլեանի, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սթիւ Արթինեանի, ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Կարապետեանի ու իր գործընկերներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ Փասատինայի յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄականներ, միութեան բարերարներ, տարիներու բարեկամներ, համակիրներ, հին ու նոր հովանաւորողներ, հիւրեր եւ անդամներ՝ թիւով աւելի քան 350 հոգի:
Հոգեւոր հովիւին կողմէ սեղաններու օրհնութենէն ետք, գործադրուեցաւ կոկիկ ու կարճ յայտագիր մը, որուն սկիզբը օրուան հանդիսավարուհի Սիրան Մարսէլեան բացման իր խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն, եւ ապա անդրադարձաւ երեկոյի կազմակերպիչ յանձնախումբի անցնող չորս շաբաթներու ընթացքին կատարած մեծ աշխատանքներուն: «25 տարիներ առաջ, երբ «Ազատամարտ» մասնաճիւղի Ընդհանուր ժողովին փոխանցագիրս կը ներկայացնէի, արդէն օրակարգի վրայ էր սեփական մարզադաշտի մը տէրը դառնալու առաջարկը: Այսօր հրապարակաւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք շրջանիս ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան, որ առիթ ընծայեց սեփական նոր հայ կեդրոն-ակումբէն ներս ունենալու ՀՄԸՄի մարզադաշտը: Առաջին քայլերը առնուած են: Կը մնայ շարունակել աշխատանքը», ըսաւ ան:
Ապա, անդրադառնալէ ետք երկրի տնտեսական ճգնաժամին, ան պարզեց նման կալուածի մը տէրը դառնալու հրամայականը՝ ի խնդիր մեր նոր սերունդի հայապահպանման ճիգերուն:
Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլոր նուիրատուներուն եւ զօրակցողներուն, մէջբերում մը կատարեց Հրայր Մարուխեանի ՀՄԸՄի մասին կատարած հրապարակային մէկ յայտարարութենէն, ուր կ՛ըսուի. «Այն բոլոր պատանիներն ու երիտասարդները, որոնք ապագային քաղաքական յանձնառութեան տակ կը մտնեն, ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ է, որ կը ստանան իրենց ազգային հիմնական դաստիարակութիւնը»:
Իր կարգին մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Կարապետեան նախ շեշտեց, թէ 32 տարուան կեանք ունի այս մասնաճիւղը, որուն գլխաւոր երազը եղած է սեփական մարզադաշտ մը ունենալ: Ապա ան շնորհաւորեց ՀՄԸՄը ու ՀՄԸՄականները իրենց սեփական այս նոր կալուածին առթիւ, եւ երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան, միութեան անդամ-անդամուհիներուն եւ համակիրներուն ճիգերուն եւ այս գեղեցիկ ու մեծ երազը իրականութիւն դարձնող բարերարներուն՝ իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեան համար:
«Այս նոր Հայ կեդրոնը համալիր մըն է, ուր իրարու քով եւ իրարու հետ մէկ յարկի տակ պիտի գործեն յարակից միութիւններ: Մեր այս նոր կալուածը բերդ մըն է, որ կոչուած է պաշտպանելու մեր նոր սերունդի զաւակները՝ ապահովելու համար անոր անվտագութիւնը» շարունակեց ատենապետը: Ան անդրադարձաւ նաեւ նոր կեդրոնին, յատկապէս անոր մարզադաշտի կարեւորութեան, նաեւ ապագայի հաշւոյն կատարած եւ կատարելիք դերակատարութեան մասին:
«Այս երազին իրականացումը, նուիրական գործ մըն է, որովհետեւ այս աշխատանքով եւ այս նոր իրականութեամբ կը վերանորոգենք մեր ազգային ուխտը: Այսօր, ձեւով մը հիմնաքարը կը դնենք հայապահպանման եւ հայակերտումի ամրոցի մը, ուր պիտի պահուի հայու դիմագիծը: Այս երեկոյ դուք եկած էք ըսելու, որ յանուն մեր ապագային պատրաստ էք մեր սրբազան հաւաքական աշխատանքը տանելու, որուն համար մենք միշտ երախտապարտ պիտի մնանք», աւելցուց ան՝ յատուկ կոչ ընելով բոլորին, որ միասնաբար աշխատելով օր առաջ մարզադաշտը պատրաստ ըլլայ:
Ապա ան մեծապէս գնահատեց օրուան կազամակերպիչ յանձնախումբի բոլոր անդամներուն ճիգերը, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան եւ զոհաբերութեան, ձեռնարկը դէպի յաջողութիւն մղած եւ պատմական դարձուցած էին: Բարի յիշեց նաեւ մարզադաշտի վերաշինութեան յանձնախումբի անդամներուն անունները:
Ապա ցուցադրուեցաւ նոր մարզադաշտի վերաշինութեան աշխատանքներուն տեսաերիզը, որ առաւել խանդավառութիւն ստեղծեց սրահէն ներս: Ատենապետ Կարապետեան յայտարարեց նաեւ, թէ 2 տարիներ առաջ եւ յատկապէս միութեան 30ամեակին, Սօսէ Խաչիկեան իր ամուսնոյն Նշան Խաչիկեանի յիշատակին համար, նոյն նպատակին ի խնդիր խոստացած էր տրամադրել 100,000 տոլար, եւ թէ այսօր այդ խոստումը արդէն իսկ յարգուած է:
Անկախ ասկէ, ներկաները ներշնչուած օրուան մթնոլորտէն՝ առատօրէն եւ անսակարկ նուիրաբերեցին, ու նոր հանգանակուած գումարը հասաւ աւելի քան 130,000 տոլարի:
Յիշենք, որ երեկոն մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր իրերայաջորդ կերպով խանդավառեցին սիրուած երգիչներ Փօլ եւ Գառնիկ՝ «Քնար» նուագախումբի ընկերակցութեամբ:
* * *
Անկասկած, որ սրբազան գործ մըն է նոր կալուածի մը տէրը դառնալը, ինչ որ կը միտի բարենպաստ միջավայր մը ստեղծել Փասատինայէն ներս: Անոր համար մեր բոլորին հաւաքական վերաբերումը անհրաժեշտ է:
Մէկ խօսքով, ակումբի կամ մարզադաշտի վերաշինութիւնը՝ շնորհակալ աշխատանք մըն է, որ կը տարուի, որովհետեւ գաղութին համար նոր հեռանկարներ պիտի բանայ, եւ որուն համար նուիրում եւ զոհաբերութիւն է պէտք:
Բոլորին վարձքը կատար եւ բարի վայելում: