ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Երկրորդ Աշխարհամարտի վեթերան, ամերիկացի սաւառնորդ բարեկամ մը ունէի՝ Միսթըր Ուիլսըն անունով։ Ազնուական այս քալիֆորնիացին ունէր տեսութիւն մը, որուն համաձայն Ամերիկայի տարածքին ամէն տասը տարին տնտեսական հուժկու տագնապ մը կու գայ՝ ունեցած-չունեցածդ կուլ տալու։ Բարեկամս կը թելադրէր զգոյշ ըլլալ ներդրումներուս մէջ եւ մէկ կողմ միշտ հնչուն դրամ պահել, հակառակ պարագային փրկելու համար կորստեան մատնուած կալուածները։
Ցաւ ի սիրտ, քիչ մը ուշ անդրադարձայ, թէ հէգ ամերիկացիին կատարածը ինչքան ճշգրիտ էր՝ իբրեւ տնտեսական ախտաճանաչում։
Այլեւս պետական գաղտնիք ալ չէ, թէ գոնէ վերջին երեսուն տարիներուն, երեք խոշոր տնտեսատագնապներու բովէն անցաւ հսկայ այս երկիրը։ Տեղը չէ խորանալու պրպտումներու մէջ։ Միայն մէկ բան յստակ է, թէ տնտեսական ճգնաժամ կոչուող սա հրէշը, ատակ է միւսներու կողքին, ամէնէն աւելի մեզի նման անարմատ նորեկները հարուածելու։
Առանց բարակը մանելու, եթէ տնտեսագէտներու հաւաստիացումներուն ականջ պիտի դնենք, սառցակոյտին հազիւ ծայրամասը դեռ նշմարելի է։ Եւ անցնող երեսուն տարիներու վերիվայրումները մեզի կը յուշեն, թէ միայն անհատը չէ որ կը ցնցուի հետզհետէ շեշտուող տնտեսատագնապէն, այլ նաեւ՝ մեր ազգային կառոյցները…
Վերջին հաշիւով, անհատն է կառոյցները կանգուն ու կենդանի պահողը։ Անոր նիւթական օգնութիւնը, նոյնքան կարեւոր է այդ կառուցներու պահպանման, որքան հաւաքական անխորտակելի մեր հաւատքը։
Ամերիկահայութիւնը, Քըրքորեաններու եւ միւս մեծահարուստներու կողքին, պէտք ունի նաեւ մեզի պէս համեստ գսակով, սակայն ամուր հաւատքով անհատներու, ոտքի պահելու համար մեր թերթերը, հեռատեսիլի կայանները, ուսումնական օճախներն ու եկեղեցին, մարզական, երիտասրդական, հայրենակցական միութիւնները, կուսակցութիւններն ու անոնց ենթակայ՝ մշակութային, մարզական միութիւնները։ Միլիոնատիրոջ մեծ նուիրատուութիւններուն կողքին, թող ոչ ոք ստորագնահատէ սրտաբուխ իր լումային կարեւորութիւնը։ Այսօր, հայերէն թերթի մը մեր բաժանորդագրութիւնը նորոգելով, հայ հեղինակի մը նոր հատորը կամ Իսպիրեանին ու Թալինին խտասալիկները գնելով՝ ազգային նոյնքան կարեւոր գործ կատարած կ՛ըլլանք, որքան մեծագումար իր յատկացումներով յայտնի բարերարը։
Ներկայիս, բոլոր մակարդակներու վրայ կը զգացուի տնտեսական տագնապին ուժգնութիւնը։ Հոգեւորական բարեկամներէս կ՛իմանամ, թէ մեր Ս. եկեղեցւոյ գաւիթէն ներս ալ թափանցած է ան՝ իր ահաւոր հետեւանքնեով։ Հայազգի անզուգական բարերար Քըրք Քըրքորեանի պէս հսկայ մը, իր հարստութեան կէսէն աւելին կորսնցուցած ըլլալով ներկայ տագնապին մէջ, դուրս մնաց աշխարհի մեծագոյն հարուստներու ակումբէն։ Աւելորդ է խօսիլ փոքր ձեռնարկութիւններու ապրած անձկութեան մասին։
Սակայն ներկայի տխուր ֆոնին դիմաց կանգնելով՝ ծունկ ծեծելը ապարդիւն է։
Եկէ՛ք լուծումներու մասին խօսինք։
Տասնեակ մը տարիներ առաջ ինծի բախտը վիճակուեցաւ ազնուասիրտ հրեայի մը գործընկերը դառնալու եւ մօտէն ուսումնասիրելու հրէական գործելակերպը։ Զարմանքով նկատեցի, թէ Քալիֆորնիոյ տարբեր անկիւններէն, մինչեւ Սան Ֆրանսիսքօ ու Սան Տիէկօ, հրեածին յաճախորդները իրենց խփուած մեքենաները վրամբարձ «թոյ թրաքի» վրայ կը նետէին, եւ մեր աշխատանոցը կ՛ուղարկէին նորոգութեան համար, առանց որեւէ ակնկալութեան։ Եւ այդ զոհողութիւնը յանձն կ՛առնէին ոչ թէ հայու իմ սեւ աչքերով հմայուած, այլ հետագային պիտի իմանայի, թէ իրենց ազգակից-դաւանակից հրեային օգտակար ըլլալու օրինակելի գիտակցութեամբ։ Գեղեցիկ եւ յուզիչ երեւոյթ էր յատկապէս հրեայ կիներու նուիրումը, երբ Կլէնտէյլի պէս հայաշատ քաղաքի մը մէջ քիթ-քիթի ապրող հայ բարեկամներ, կուսակցական ու նոյն միութեան պատկանող ընկերներ կը մոռնանք իրարու գոյութիւնը, երբ հարցը դիմացինին օգտակար ըլլալու խորապէս մարդկային պարտաւորութեան առջեւ կը դնէ մեզ։
Միւս կողմէ, հրեաներու միջեւ պարզուող հոյակապ այս երեւոյթին դիմաց զարմանքս նկատելով՝ գործընկերս վերապրումի իրենց ճիգերէն բխած գործելաձեւը փորձեց յստակացնել միամիտ հայուս:
– Հրէական բոլոր կազմակերպութիւնները տնտեսական իրենց հզօրութիւնը խարսխած են իրար օգնութեան գործելակերպին վրայ,- ըսաւ ան խոհուն նայուածքը վրաս սեւեռելով, հրեայ մը շատ քիչ բացառութեամբ իր գործերը հրէական շրջանակէն դուրս մէկու մը կը վստահի, որպէսզի իր արիւնակիցը ուռճանալով՝ իր կարգին հրէական կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն տնտեսապէս նեցուկ կանգնի։ Մեր Սինակոկները այդ ուղղութեամբ, բուռն աշխատանք կը տանին անհատին մօտ իրարօգնութեան գիտակցութիւնը զարգացնելու:
Եւ գործընկերս փայլուն օրինակով մը միտքը բացատրեց.
– Իմ պատկանած Սինակոկս շինարարական կարեւոր ծրագիր մը իրագործելու վրայ էր, եւ ես իբրեւ կապալառու «քոնթրաքթըր», մասնակցեցայ պաշտօնապէս յայտարարուած աճուրդին։ Բնական է իմ ընկերութիւնս շահեցաւ բազմամիլիոն տոլար արժող պայմանագրութիւնը, որովհետեւ ըստ ընկալուած սովորութեան, խոստացած էի որոշ տոկոս մը հրէական կազմակերպութիւններուն նուիրել։ Տակէ-տակ մեր հոգեւոր հովիւ հախամը ձեռքին գործը կատարեց… մեր մօտ հախամները միայն կրօնական ծիսակատարութեամբ չեն գոհանար, ատոր կողքին ակթիւօրէն իրենց հօտին տնտեսական վիճակով ալ կը զբաղին, եւ ամէն ջանք կը թափեն հրեայ գործարարներուն օգտակար դառնալու։
– Հապա Սան Ֆրանսիսքոյին ճուտիկնե՞րը,- հարց տուի բարի նախանձով։
– Հրէական պարբերաթերթի մը մէջ ծանուցում դրած էի… լուսանկարովս մէկտեղ, կ՛երեւի հրէուհիները առնական գեղեցկութենէս հմայուած՝ Սան Ֆրանսիսքոյէն մինչեւ Կլէնտէյլ եւ Կարֆիլտ կ՛ուղղարկեն ջախջախուած իրենց մեքենաները… Այո, նո՛յն սկզ-բունքն է, հրեայ գործարարի մը օգտակար ըլլալ։ Եւ ինչու չէ՝ օր մը իբրեւ համայնք՝ անոր մեծասրտութենէն օգտուելու արդար ակնկալութեամբ։
Եւ զարմանալին հոն էր, որ կու գային առանց նախապայմանի, պարզապէս անծանօթ հրեայի մը զօրակցելու ցեղային իրենց բնազդներէն թելադրուած։
Տասնամեակներ առաջ, հրէական գործելակերպի ուրիշ «վարեանթի»ն, տարբերակին ականատես եղայ Պրիւքսէլ, Պելճիքա։ Ինքնաշարժի վաճառականիս հետ կէսօր մը դրկից ճաշարանը մտանք եւ ի տես պարզուող տեսարանին՝ ապշած մնացի։ Արդարեւ քովի երկար սեղանին շուրջ նստած էին լուրջ արտայայտութեամբ 12 տղամարդիկ, զորս առաջին ակնարկով հայու նմանցուցի։
– Թաղին հարուստ հրեաներն են,- ըսաւ վաճառականս։ Ու դէմքիս վրայ ուրուագծուող զարմանքը տեսնելով՝ – Եկեր են որ այդ երիտասարդ գործարարը կեղտին մէջէն հանեն,- ֆրանսերէն «մերտ» բացատրութիւնը գործածեց։ – Երիտասարդը սնանկութեան դուռը հասած ըլլալով, ըստ իրենց նախնիներէն ժառանգուած սովորութեան, ներկաներէն իւրաքանչիւրը տասը-քսան հազար տոլար նուիրելով զինք ոտքի պիտի հանեն, ըսաւ ան:
– Այդ գումարը խեղճ տղան ինչպէ՞ս պիտի վերադարձնէ տոկոսով միասին,- հարց տուի պարոն Քլոտին։
– Վերադարձնելու մասին խօսք չըլլար։ Եղածը նուէր է, որպէսզի անիկա ոտքի կանգնելով՝ ի՛նքն ալ իր կարգին օր մը օգտակար ըլլայ իր կացութեան մէջ յայտնուող արիւնակիցներուն։
Գուցէ այդ ոգին պատճառ դարձած է, որ հրեան տիրական ուժ դառնայ տնտեսական եւ այլ բնագաւառներու մէջ, խորհրդածեցի՝ աչքերս հիացումով հանճառեղ սա մարդոց վրայ սեւեռած պահելով։
Առանց բարոյագէտի հովեր առնելու, մենք ալ իբրեւ համայնք, կրնանք գոնէ փոքր չափանիշով զարգացնել գործարար-սպառող գործակցութիւնը, որպէսզի մեր արհեստավարժ հայրենակիցները, իրենց կարգին, կարենան ձեռք երկարել մեր կազմակերպութիւններուն։
Երբ «Գուսան» երգչախումբը դեռ կը գործէր, վերոնշեալ մեթոտը գործադրութեան դրուեցաւ անոր հեռատես ղեկավարութեան կողմէ, որպէսզի խումբին կարգ մը ընթացիկ ծախսերը այդ եկամուտով փակուէին։
Կարելի էր ընդլայնել եւ աւելի լայն մասշտապով գործադրել «Գուսան»ին սկսածը։ Եւ եղածը տնտեսագիտական մաթեմաթիքա չէր։ Պարզապէս, երգչախումբի անդամներուն թելադրուեցաւ, որ իրենց գործերը այս ինչ հաստատութեան վստահին… այնքա՛ն միայն։
Հայ եւ օտար ուրիշ քանի մը կազմակերպութիւններու հետ ալ յաջողութեամբ գործադրուեցաւ հրեական մեթոտը։ Ուրեմն նախադէպը կայ եւ մեզի կը մնայ քաջալերել եւ ընդհանրացնել ազգօգուտ այս գործելաձեւը, մասնաւորապէս գալիք օրերուն ազգային մեր հաստատութիւններուն դիմագրաւելիք տնտեսական ահարկու տագնապներու խորապատկերին դիմաց։