ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ըստ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզայի, Ս. Փեթերզպուրկի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն տրամադրութիւնները եղած են կառուցողական։ «Թէ կը համաձայնի՞ն երկու երկիրներու նախագահները անգամ մը եւս հանդիպելու Յուլիսին՝ կախեալ է այն բանէն, թէ ի՛նչ արդիւնքի կը հասնին համանախագահները յառաջիկայ շաբաթուան ընթացքին՝ համագործակցելով երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ», յայտնած է Պրայզան։
Մեկնաբանելով երկու նախագահներուն հանդիպումը՝ ամերիկացի դիւանագէտը ըսած է, որ հանդիպումը եղած է դրական։ «Համանախագահները մեծ բաւականութեամբ նշած են առաջընթացը, որ արձանագրուած է երկու նախագահներու հանդիպման արդիւնքով։ Այդ հիման վրայ է, որ մենք կ՛անցնինք դիւանագիտական խորհրդակցութիւններու նոր փուլի, որպէսզի օգնենք կողմերուն հասնելու հիմնարար սկզբունքներու համաձայնեցման աւարտին», աւելցուցած է ան։