ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վերոնշեալ խորագիրով, Լոս Անճելըսի մօտ Մեքսիքայի եւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնները, ինչպէս նաեւ Ամերիկահայ առեւտուրի գրասենեակն ու Շրջանային սպանախօսներու առեւտուրի գրասենեակը, յառաջիկայ Յունիս 25ին կազմակերպած են նախաճաշ մը, «Պիլթմոր» պանդոկի «Կոլտ» սենեակին մէջ, առաւօտեան ժամը 7:30էն սկսեալ, երկու համայնքներուն միջեւ կապերը սերտացնելու նպատակով:
Նախաճաշին ընթացքին պիտի պատուըւի Միացեալ Նահանգներու մօտ Մեքսիքայի դեսպան Արթուրօ Սարուխան, իսկ օրուան հանդիսավարն է Շահէ Մազպանեան: Ելոյթներ պիտի ունենան նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Մեքսիքայի գլխաւոր հիւպատոս Խուան Մարքոս Կիւթերէզ-Կոնզալէս եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի պատուոյ անդամներն են քոնկրէսական Էտըմ Շիֆ, Լոս Անճելըսի մօտ Մեքսիքայի գլխաւոր հիւպատոս Խուան Մարքոս Կիւթերէզ-Կոնզալէս, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, «SBA»ի շրջանային վարիչ Ալպերթօ Ալվարատօ, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Սահակ Սարգսեան, Ամերիկահայ առեւտուրի գրասենեակէն Շահէ Մազպանեան ու Շրջանային սպանախօսներու առեւտուրի գրասենեակի նախագահ Սէնտ Քահաս:
«Պիլթմոր» պանդոկին հասցէն է՝ 506 S. Grand Ave., Los Angeles, CA, 90071: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (562) 590-7302 թիւին, կամ՝
Info@regionalfispaniccc.org ելեկտրոնային հասցէին: