Հայաստանի անկախութեան առթիւ, Կիրակի, 31 Մայիսին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Հայց. առաք. Մայր եկեղեցին սկսել էր ժամերգութիւն ու պատարագ էր մատուցում Աստծուն։ Ծիսակատարութիւնը, աղօթքը, երգն ու խնկարկումը առ երկինք էին բարձրանում։ Փողոցից արդէն նկատելի էր հայ ժողովրդի հոսքը դէպի եկեղեցի։ Նրանք հաւատքով եւ վստահութեամբ էին մտնում Տիրոջ տուն, իրենց աղօթքը մրմնջում առ Աստուած՝ ապաւինելով Աստծոյ սիրոյն, զօրութեանը եւ օրհնութեանը։
Հանրապետական մաղթանքի եւ աղօթքի ներքոյ դէպի խորան են մօտենում ՀՄԸՄի արիներն ու արենոյշները՝ իրենց հետ տանելով եռագոյն դրօշը, որը խորհրդանիշն է հայոց պետականութեան եւ ինքնութեան։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ Վասիլեանը իր աղօթքներն առ Աստուած ուղարկեց ու խնդրեց մեր Տիրոջը. «Ո՜վ Տէր, ողորմէ մեր հայրերուն, մայրերուն եւ քոյրերուն ու անմեղ մանուկներուն։ Պահէ, պահպանէ սուրբ Էջմիածինի Ամենայն հայոց հայրապետը՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Կիլիկեան Ս. աթոռի հայրապետ՝ Արամ Ա. կաթողիկոսը, քու եկեղեցու բոլոր ուխտապահ սպասաւորները, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին, նախարարներին, եւ յիշէ նրանց, ովքեր իրենց կեանքը զոհեցին ազգի փրկութեան զոհասեղանին»։
Եկեղեցում օրհնութիւնն էր տարածուած եւ Սուրբ հոգու ներկայութիւնն էին զգում բոլոր ներկաները։ Աստծոյ ներկայութիւնը հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ կը հաստատպիթր ողջ պատարագի ընթացքում։
Սրբազան հօր՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի աղօթքն անուշաբոյր խունկի նման բարձրանում էր երկինք մեր Տիրոջը, ու ներկայ գտնուող ժողովուրդը միաբանուելով նրան՝ հայեացքները երկինք յառած աղօթքն էին մրմնջում Հայր Աստծուն։
«Ո՜վ Տէր, մենք քու ծառաներդ, որ բոլոր ժողովուրդներէն առաջ ջանացինք հաճոյ ըլլալ քեզի՝ քու անունդ մեր վրայ առնելով, հաւաքուած ենք այս ուրախ օրուան ընթացքին տօնախմբելու հայրենիքի ազատութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարեդարձը։ Տէր Աստուած փառք քեզի, որ լսեցիր ժողովրդիդ աղաչանքներն ու աղօթքները։ Դուն քու ամբողջ մարդասիրութիւնդ ցոյց տուիր մարդկային ցեղերի հանդէպ եւ առաջին իսկ առիթով, Ս. Թադէոս եւ Ս. Փարթողիմէոս առաքեալների միջոցով մեր հայրենի երկրի մէջ ծաղկեցուցիր աստուածագիտութեան լոյսը։
Եւ արդ լսէ աղաչանքները ծառաներուդ եւ անսասան պահէ քու ողորմութեամբ վերականգնած հայրենիքի իշխանութեան գահը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Աւելցուր շնորհքն ու իմաստութիւնը բոլոր անոնց, որոնք իշխանութիւնը կը պահեն, որպէսզի կարող ըլլան ուղիղ դատաստանով եւ արդարութեամբ առաջնորդել քու ժողովուրդդ։ Մեր հրամանատարներուն, զօրքին եւ ազատամարտիկներուն քաջութեան ոգին աւելիով զօրացուր։ Մեր մէջ հաստատէ սրբութեան եւ խոհեմութեան սէրը՝ ճանաչելու իմաստութիւնը եւ հասկանալու խրատը, որպէսզի կատարենք օրէնքի ճամբով մեզի տրուած պարտաւորութիւնները։ Երկարէ ձեռքդ, ո՛վ Տէր, եւ օրհնէ ամբողջ հայ ժողովուրդը, մեր ազգը եւ Հայաստանեայց Եկեղեցին։
Օրհնէ, Տէր այս եռագոյն դրօշը։ Եւ այնպէս ինչպէս ջրհեղեղէն ետք Արարատ լերան վրայ ծիրանի գօտիով քու եւ մարդկութեան միջեւ ուխտ հաստատեցիր, հիմա ալ այնքան սուրբ եւ հերոսական արիւնի հեղումէն ետք այս գեղեցիկ գոյներով դրօշը թող քեզի հետ կնքուած մեր ուխտին նշանը ըլլայ»։
Այս աղօթքն ու խնդրանքը մինչ սրբազան առաջնորդը առ Աստուած կ՛ընէր, միտքս տարաւ Աստուածաշունչ մատեանի Ելից գլխի 38։18 խօսքերին. «Սրահին դրանը վարագոյրը նկարագործ էր, կապուտակէ ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ»։ Այս գոյները Տիրոջը ներկայութեան վրանին վարագոյրին գոյներն են եւ մեր՝ հայ ժողովրդի, պետականութիւնը խորհրդանշող դրօշի գոյները, այն գոյները, որ Տիրոջ ներկայութիւնը կը յայտնեն։ Ուրեմն յաւիտեանս փառք քեզ Հա՛յր, երկնքի ու երկրի տիրակալ, որ դու մեր ազգի հետ ես եւ քո աջդ յաւիտեանս է մեր վրայ։
Այնուհետեւ սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ նշեց. «Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մեր եկեղեցին կը տօնախմբէ Ս. Հոգւոյ գալստեան եւ իջման տօնը։ Եկեղեցւոյ հաստատութեան տօնը։ Առաքեալներ վերնատան մէջ հաւաքուած որպէս մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի, կ՛աղօթէին որպէսզի Ս. Հոգւոյ շնորքը ստանան։ Ինչպէս Յիսուս Քրիստոս պատուէր տուած էր որ մխիթարիչ Ս. Հոգին պիտի պայծառակերպէ ձեր կեանքը, պայմանաւ որ Քրիստոսի պատուէրներուն համաձայն ապրիք։ Առաքեալներ, Ս. Հոգին ստացած՝ սկսան իմաստութեամբ տարբեր լուզուներով խօսիլ եւ քրիստոնէութիւնը տարածել բոլորին։ Յիսուս Քրիստոսի այդ պատուէրը մեզի համար է նաեւ, պայմանաւ որ Քրիստոսի պատուէրներուն համաձայն ապրինք։ Մենք աղօթեցինք, որ Աստուած Իր շնորհքը եւ իմաստութիւնը տեղացնէ մեր նախագահին, մեր նախարարներուն, իշխանաւորներուն, որպէսզի ուղիղ դատաստանով, արդարութեամբ եւ իմաստութեամբ առաջնորդեն մեր երկիրը, որովհետեւ ո՛ւր անարդարութիւն կայ, այնտեղ ցաւ կայ, բողոք եւ ընդվզում կայ։ Աղօթենք եւ մաղթենք, որ Հայաստան աշխարհը արդարութեամբ եւ իմաստութեամբ առաջնորդուի։ Թող Աստուած անսասան պահէ մեր հայրենիքը։ Մեր եռագոյն դրօշը յաւիտեան ծածանի մեր հայրենիքի պետական շէնքերուն վրայ, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան շէնքին առաջ, միւս բոլոր ազգերու հետ հաւասար, իբրեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան հանրապետութիւն»։
Առաջնորդը աւելցնելով ըսաւ. «Սիրելի հաւատացեալ հայորդիներ, գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, Հայ Դատի կազմակերպած հանգանակային աշխատանքը կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատման 91րդ տարեդարձին։ Կիրակի, 31 Մայիսին ու համաձայն մեր թեմի աւանդութեանց, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի Հանրապետական մաղթանք, պիտի յիշենք որ դարերու զրկուածութենէ ետք, 1918 Մայիս 28ին, իբրեւ արդիւնք մեր ժողովրդի երկարաշունչ պայքարին ու անհուն զոհաբերութեան, ամբողջ ժողովրդին արձանագրած յաղթանակին, հայրերի հողերուն վրայ կերտեցինք անկախ հանրապետութիւն։ Հայ Դատին սպասարկումները այսօր եւ միշտ կը գործեն, այդ աւանդին հաւատարմութեամբ։
Օ՛ն ուրեմն, այս հաւատքով ու մեր աւանդներուն հաւատարմութեամբ նուիրաբերենք ի սրտէ եւ լիաբուռն կերպով։ Եւ թող մեր նուիրաբերումը նմանի այն հատիկներուն, որոնք վաղը մէկի տեղ տասը, հարիւր ու աւելի արդիւնք պիտի տան մեր իրաւունքներու հետապնդման անդաստաններուն մէջ։ Եւ ինչպէս բանաստեղծը նկարագրած է սերմնացանը՝ թող մեր ձեռքերէն անպարագիծ արձակուած սերմերը իբրեւ օրհնութիւն բաշխուին մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, նոյնինքն մեր հայրենիքին։
Թող բարձրեալն Աստուած օրհնէ մեր նուիրաբերող ժողովուրդը, Իր Ս. աջը պահապան ընէ հայրենակերտումի ու մանաւանդ մեր արդար իրաւունքներուն ի խնդիր գործողներուն աշխատանքի դաշտերուն վրայ եւ մեզի ընծայէ մեր անժամանցելի պահանջներուն իրականացման միջոցները։ Ամէն»։