ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Ճորճ Միչըլ Երեքշաբթի, Յունիս 9ին իսրայէլացի ղեկավարներուն յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ, որ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան բանակցութիւնները մօտ օրէն վերսկսին եւ շուտով աւարտին։ Միչըլ, որ նաեւ պաղեստինեան իշխանութեանց հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ, ըսաւ. «Բոլորս բանակցութիւններու արագ վերսկսման եւ կանուխ աւարտին համար պայմաններու ստեղծման պատասխանատուութիւնը կը կրենք»։ Ան նաեւ կրկնեց, թէ Ուաշինկթըն պաղեստինեան պետութեան մը ստեղծումը՝ տասնամեակներէ ի վեր երկարող տագնապին «քաղաքական միակ լուծումը» կը նկատէ։
Իր կարգին, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի ներկայացուցած է «երկու պետութեանց» լուծման հիման վրայ՝ երկու տարիէն կնքուելիք ծրագիր մը։ Գահիրէէն աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, թէ Օպամա ծրագիրը քննած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ, անցեալ ամիս վերջինիս Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին։ Ըստ տեղեկութեան, ծրագիրը 2011ին Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կը նախատեսէ եւ կը ներառէ պաղեստինեան պետութեան մը շուրջ այլ համաձայնութիւն մը։ Եգիպտական աղբիւրը յայտնած է, թէ Օպամա անցեալ շաբաթ Գահիրէ իր այցելութեան ընթացքին ծրագիրը ներկայացուցած է Եգիպտոսի գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Օմար Սլէյմանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Ապուլ Ղէյթի։
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Նեթանիահու համոզուած է, որ Օպամա Գահիրէի մէջ անցեալ շաբթուան իր ճառին հիման վրայ, Իսրայէլի հետ վէճ մը կ՛ուզէ։ Իսրայէլի վարչապետին կարծիքով, ամերիկացիները կը հաւատան, որ Իսրայէլի հետ բացայայտ վէճ մը պիտի ծառայէ արաբական աշխարհի հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները բարելաւելու Օպամայի վարչակազմի նպատակին։