ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը, «Վիւասել-ՄՏՍ» ընկերութիւնը միասնաբար կ՛իրականացնեն համահայկական նկարչական մրցոյթ՝ 5-16 տարեկան երեխաներու համար, իբրեւ նիւթ ունենալով՝ «Իմ հրաշք երկիր Հայաստան», «Հայաստանի հազուագիւտ կենդանատեսակներ եւ բուսատեսակներ», «Կենդանիներն իրենց շրջակայ միջավայրում», «Սէր եւ Հոգածութիւն՝ բնութեան հանդէպ»։
Կազմակերպիչներուն հաղորդումով, մրցոյթին յաղթողները պիտի պարգեւատրուին տարբեր մրցանակներով, ինչպէս՝ համակարգիչներով, հեծանիւներով, լուսանկարչական սարքերով եւ այլն։
Մրցոյթին նպատակն է հասարակութեան ուշադրութիւնը սեւեռել բնութեան հանդէպ պատասխանատու վերաբերմունքի անհրաժեշտութեան վրայ, որ, ըստ նախորդ տարուան փորձին, լայն արձագանգ գտած էր հասարակութեան մէջ։
Նկարչական այս մրցոյթին կրնան մասնակցիլ նաեւ սփիւռքահայեր, որոնք իրենց նկարները կրնան ուղարկել http://savethenature.am/index.php?=63 կայքէջին, իսկ բնօրինակները՝ ՀՀ, Երեւան 0070, 5րդ փողոց, Ֆիզկուլտուրնիկներու 48 հասցէին։
Նկարները ուղարկելու վերջնաժամկէտը Յունիս 20 է։