«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Այս առաջարկը կ՛ուղղենք ՀՄԸՄի ընտանիքի այն անդամներուն, որոնց տունը առաջին անգամ ըլլալով պիտի մտնէ «Ասպարէզ»ը՝ իբրեւ Նաւասարդեան 34րդ մարզախաղերու եւ փառատօնի մասին լայն տեղեկատուութիւն ապահովելու քայլերէն մէկը:
Արդարեւ, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը սիրով համագործակցելով ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հետ՝ յառաջիկայ երեք շաբաթավերջերուն, հայերէն եւ անգլերէն թիւերը միացնելով թերթը պիտի առաքէ ՀՄԸՄի ընտանիքի բոլոր անդամներուն:
«Ասպարէզ» կը փափաքի այս երեք շաբաթավերջերու իր այցելութիւնը դարձնել տեւական:
Այս փափաքի իրականացման համար, մենք պատրաստ ենք քսան տոկոս զեղչ տրամադրելու այս հասցէներէն եկած նոր բաժանորդներուն:
Օգտուեցէք այս առիթէն ու մինչեւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան խաղերու աւարտը, «Ասպարէզ»ի բաժանորդ դարձէք՝ ստանալով քսան առ հարիւր զեղչ:
ՀՄԸՄը ձեր հարազատ կազմակերպութիւնն է: ՀՄԸՄը մե՛ր ալ հարազատ կազմակերպութիւնն է, որուն հզօրացումով շահագրգռուած ենք, ու պատրաստ ենք մե՛ր ալ կարելին ներդնելու այդ գործին մէջ:
Այս հարազատութիւնը առաւել սերտացնելու եւ ամրապնդելու առաքելութեան լծուած «Ասպարէզ»ը մշտական ներկայութիւն դարձուցէք ձեր ընտանեկան յարկին տակ:
Այսօր իսկ բաժանորդագրուեցէք «Ասպարէզ»ին: Այսօր իսկ «Ասպարէզ» նուիրեցէք ձեր ՀՄԸՄական ընկերոջ՝ օգտուելով նոյն զեղչէն: