ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի մէջ Միջազգային կարմիր խաչի գրասենեակի պատասխանատուն Ուրբաթ, Յունիս 12ին յայտարարած է, թէ հայկական ուժերու կողմէ գերառնուած ատրպէյճանցի երկու քաղաքացիները՝ Ռաֆիք Հասանով եւ Անար Հաճիեւ, ցարդ չեն բացայայտած Ատրպէյճան վերադառնալու հարցով իրենց կարծիքը:
Ան շեշտած է, թէ գերիներուն վերադարձը կախեալ է անոնց կամքէն եւ բանակցութիւնները պիտի սկսին այն ատեն, երբ անոնք Ատրպէյճան վերադառնալու փափաք յայտնեն: