Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Լսողական կորուստ ըսելով կը հասկնանք լսողութեան մասնակի տկարացում եւ կամ ամբողջական խլութիւն։
Լսողական կորուստը ունի երկու խմբաւորում՝
Ա. Փոխանցման կորուստ.
Բ. Զգացողական-ընկալողական կորուստ.
Ա) Փոխանցման կորուստ տեղի կ՛ունենայ ձայնի փոխանցման որեւէ մէկ արգելքի եւ կամ խանգարումի գոյութեամբ՝ արտաքին ականջի սկիզբէն մինչեւ ներքին ականջի սկիզբը, այսինքն արտաքին ականջի անցուղիէն մինչեւ ձուաձեւ պատուհան։ Ականջացնցուղի խցումը, թմբկաթաղանթի հիւանդութիւններ, միջին ականջի բորբոքումները, միջին ականջի երեք ոսկրիկներու անշարժութիւնները եւ անբնական երեւոյթները հիմնական պատճառներն են լսողական փոխանցման կորուստին։ Փոխանցման կորուստը ընդհանրապէս ժամանակաւոր է եւ զանազան դարմանամիջոցառումներու կիրարկումով կորուստը կը չէզոքանայ։ Փոխանցման կորուստի պատճառներէն եւ հիւանդութիւններէն կարելի է յիշել՝
ա. Արտաքին ականջի պարագային՝
1. Ականջակոնքի ամբողջական բացակայութիւն.
2. Արտաքին ականջի անցուղիի անանցկութիւն (atresia).
3. Արտաքին ականջի ականջագէջ (ear wax).
4. Արտաքին ականջի անցուղիի նեղացում (constriction), որ հետեւանքն է տարածուն եւ մնայուն բորբոքումներու, նաեւ ոսկրային ուռերու գոյութեան.
5. Անցուղղի մէջ օտար մարմիններու գոյութիւն.
6. Թմբկաթաղանթի վնասում եւ պատռուածք.
բ. Միջին ականջի պարագային՝
1. Թարախային եւ ոչթարախային սուր եւ կամ մնայուն բորբոքումներ.
2. Միջին ականջի երեք ոսկրիկներու անշարժութիւն, ոսկրապնդացում (0tosclerosis), բորբոքային փճացում, հարուածային վնաս-կոտրուածք եւ ծինային անբնական երեւոյթներ.
3. Լաւորակ ու չարաղէտ ուռեցքներ.
Բ. Զգացողական-ընկալողական կորուստ տեղի կ՛ունենայ ներքին ականջին մէջ պատահած որեւէ մէկ հիւանդութեան եւ կամ խանգարումի սկսելով ձուաձեւ պատուհանէն մինչեւ լսողական ջիղի մուտքը՝ դէպի ուղեղ։ Ընկալական կորուստը ընդհանրապէս մնայուն է եւ ոչ դարմանելի։
Զգացողական-ընկալողական լսողական կորուստի պատճառներէն եւ հիւանդութիւններէն կարելի է յիշել հետեւեալները.
ա. Խխնջային պատճառներ եւ կամ հիւանդութիւններ՝
1. Որոշ դեղերու գործածութիւն՝ հակամիքրոպային դեղեր, միզամղիչ դեղեր, ասփրօ, ասփիրին.
2. Մենիէրեան հիւանդութիւն.
3. Տարեցութիւն.
4. Ներքին ականջի զարկերակային խցում.
5. Ներքին ականջի հարուածին վնաս-կոտրուածք.
6. Ժառանգականութիւն եւ ծինային խանգարումներ.
7. Աղմուկ.
8. Multiple scleroisis
9. Շաքարախտ
10. Զանազան տեսակի բորբոքումներ.
Վերոյիշեալ բոլոր ազդակներով խխունջի լսողական մազմզուկները կը վնասուին, կը տկարանան, կը փճանան ու տեղի կ՛ունենայ լսողական մասնակի եւ կամ զանգուածային կորուստ։
բ. Լսողական ջիղի հիւանդութիւններ՝
1. Գանկային հարուած՝ վնաս-կոտրուածք.
2. Զարկերակային անակնկալ եւ կամ դանդաղ խցում.
3. Շաքարախտ.
4. Բորբոքումներ.
Վերոնշեալ պատճառներով լսողական ջիղը կը վնասուի, կը տկարանայ ու տեղի կ՛ունենայ ձայնի ոչ ամբողջական ընկալումը ուղեղին կողմէ։
Մնայուն եւ երկարատեւ միջին ականջի բորբոքումներ յաճախ կը յառաջացնեն միացեալ փոխանցման եւ ընկալական լսողական կորուստ։
Լսողական կորուստի ախտորոշումը կը կատարուի հետեւեալ միջոցառումներով՝
1. Լսելով հիւանդին պատմականը.
2. Քննելով ականջը ականաջադիտակով.
3. Քննելով հիւանդին լսողութիւնը ճղլակով (tuning fork) եւ լսելաչափով (audiometer). լսելաչափով կարելի է գիտնալ անհատի մը լսողական կարողութիւնը՝ նշուած db-ով։ Այսպէս՝
0-20 db լսողութիւնը կը համարուի բնական լսողութիւն.
20-40 db լսողութիւնը կը համարուի մեղմ լսողական կորուստ.
40-60 db լսողութիւնը կը համարուի միջակ կորուստ.
60-80 db լսողութիւնը կը համարուի յառաջացած կորուստ.
80 db-էն վեր լսողութիւնը կը համարուի շատ ծանր կորուստ եւ կամ խլութիւն։
Մանուկներու պարագային լսողական կորուստի ախտորոշումը բաւական դժուար կ՛ըլլայ, բայց ոչ անկարելի։ Նախ մասնագէտ բժիշկը մանուկին կը ներկայացէ տարբեր ուժգնութեամբ զանազան ձայներ եւ կը հետեւի անոր գլխու եւ աչքերու շարժումներուն. իսկ լսելաչափի քննութիւնը կը կատարէ խաղերով։
Հետեւեալ նորածին մանուկները հակամէտ են ունենալու լսողական ընկալական կորուստ.
1. Լսողական կորուստ ունեցող ծնողներու զաւակներ.
2. Յղութեան շրջանին որոշ սնկային հիւանդութիւններ ունեցողներու զաւակներ.
3. Գլխու եւ վիզի անբնական կազմաւորում ունեցողներ.
4. Կշիռքով դեռաճներ, մանաւանդ 1500 կրամէ պակաս կշռողներ.
5. Արեան բարձր պիլիրիւպին ունեցողներ.
6. Խելապատապ ունեցողներ.
7. Զանազան պատճառներով շնչարգելութիւն ունեցողներ.
Լսողական կորուստի դարմանը կախեալ է անոր ախտապատճառէն։
Աղմուկի պատճառով յառաջացած լսողական կորուստը կանխարգելի է՝ պարզապէս հեռու մնալով աղմուկէ, զօրաւոր ձայներէ, հրացանաձգութենէ, օդակայաններէ, աղմկարար գործարաններէ եւ մեքենաներէ։ Լսողական կորուստը ընդհանրապէս երկկողմանի է, ականջաբզզիւնը կ՛ընկերակցի լսողական կորուստին։ Լսողական օժանդակ գործիքը կը բարելաւէ լսողութիւնը, հակառակ ականջաբզզիւնին, որ կը մնայ նոյն վիճակին մէջ։
Դեղերու հետեւանքով յառաջացած լսողական կորուստը երկկողմանի է եւ ընդհանրապէս մնայուն ու անվերադարձ՝ բացի ասփրօ-ի եւ ասփիրինի պարագային։
Թեթեւ եւ միջակ ուժգնութեամբ ընկալական կորուստ ունեցող հիւանդներ կ՛օգտուին լսողական օժանդակ գործիքներէ, իսկ յառաջացած կորուստ ունեցողներ ընդհանրապէս չեն օգտուիր անոնցմէ. վերջիններս կ՛օգտուին միայն բարդ լսողական գործիքէ մը (ear implant), որ կը զետեղուի քունկոսկրին մէջ. այս միջոցառումը շատ ծախսալից է եւ կ՛իրականանայ յատուկ մասնագիտական կեդրոններու մէջ։
Ուռեցքներու եւ քաղցկեղի պատճառով յառաջացած լսողական կորուստը մասամբ մը կը բարելաւուի վիրաբուժական միջամտութենէ ետք։
Բորբոքումներու պարագային, դեղերը կու տան իրենց արդիւնաւոր նպաստը: Լսողական փոխանցման կորուստը կը բարելաւուի դարմանելով հիմնական պատճառը եւ կամ գործածելով լսողական օժանդակ գործիք մը։
Յաճախ կը հանդիպինք հիւանդներու, որոնք կը տառապին անակնկալ լսողական կորուստէ, որ ընդհանրապէս կը պատահի տարեցներու մօտ։ Այս պարագաներուն, միայն 10-15%-ին կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ յստակ ախտորոշումի մը։
Անակնկալ կորուստի հիմնական պատճառներն են՝
1. Մարմնական սուր սնկային եւ կամ մանրէական բորբոքումներ՝ հարբուխ, ինֆլուէնզա, ջրծաղիկ, ունկնանկ, սողնախտագօտի, վերին շնչարական բորբոքումներ.
2. Զարկերակային խցումներ.
3. Արեան յառաջացած գերճնշում.
4. Յառաջացած շաքարախտ.
5. Խխունջի արկած-վնաս-կոտրուածք.
6. Արտաքին աշխարհի ճնշումի անակնկալ փոփոխութիւն՝ լեռ մագլցում, սուզուիլ կամ ընկղմիլ: