ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութեանց յաւելեալ մեղմացման ցուցանիշով մը, նախագահ Պարաք Օպամայի Միջին Արեւելքի հարցերու յատուկ պատուիրակ Ճորճ Միչըլ շաբաթավերջին Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ անոր հետ քննեց Ուաշինկթընի միջինարեւելեան քաղաքականութիւնը։
Հանդիպումէն ետք Միչըլ ըսաւ, թէ «պարտաւորութիւնը ունինք բանակցութիւնները արագօրէն սկսելու եւ զանոնք յաջող աւարտի հասցնելու պայմաններ ստեղծելու»։ Ան յայտնեց, որ Սուրիա կարեւոր դերակատարութիւն ունի խաղաղութեան գործընթացին մէջ: