ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հանդիպած է ԵԽԽՎ Հայաստանի հարցերով համազեկուցողներ Ճոն Փրեսքոթի, Ճորճ Քոլոմպիէի եւ ԵԽԽՎ կարգաւորող խումբի համաքարտուղար Փաս Քլայնի հետ:
Ըստ ՀԱԿի տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան, հանդիպման ընթացքին զրոյցը ծաւալած է Եւրոպայի խորհուրդի նկատմամբ՝ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն մասին: Այս ծիրէն ներս քննարկուած են քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման, փաստահաւաք խումբի գործունէութեան, ելեկտրական լրատուամիջոցներու ազատութեան եւ յատկապէս «Ա1+» հեռուստային ընկերութեան գործունէութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ հաւաքներ կազմակերպելու ազատութեան առնչուող հարցեր:
Հանդիպման մասնակցած են ՀԱԿի ներկայացուցիչներ Լեւոն Զուրաբեան, Աւետիս Աւագեան եւ Վլադիմիր Կարապետեան: