ԹԻՒ61
Ասպետ Պարզունի.- Բարե՛ւ, դուն Զաքարը չե՞ս:
Զաքար Զաքարենց.- Այո: Իսկ դուն, եթէ յիշողութիւնս չի խաբեր զիս, Ասպետ Պարզունին ես, չէ՞:
Ասպետ Պարզունի.- Վա՜յ, երկուքս ալ փոխուեր ենք, Զաքար ջան, աչքերդ մատնեցին քեզ, իսկ ձայնդ հաստատեց, որ 100 տոկոս դո՛ւն ես: Այս ի՜նչ Ամերիկա է, եղբա՛յր. ամէն ինչերնիս փոխեց, տաշեց մեր տեսքը, մեր մտածումը, մեր հոգին, մեր զաւակներն ու մեր… հպարտութիւնը: Բայց, ծուռ կենանք, շիտակ խօսինք, Զաքար, Ամերիկան բարելաւեց մեր ապրելակերպը, երկարեց մեր կեանքը եւ ստեղծեց ու մեզի հրամցուց նորագոյն ցաւեր ու հիւանդութիւններ:
Զաքար Զաքարենց.- Ճիշդ ես, Ասպետ ջան: Ութ տարի առաջ տարօրինակ սրտի զարկ մը շահեցայ, գործողութեան ենթարկուեցայ, եթէ Ամերիկա եղած չըլլայի, արդէն անդի աշխարհ գացած կ՛ըլլայի: Հաւատա՛, այդ գործողութիւնը մէկ «սէնթ» վնաս չբերաւ:
Ասպետ Պարզունի.- Ինչ որ է, հիւանդութիւններու, ընտանիքի ու զաւակներու մասին ուրիշ առթիւ կը խօսինք: Զաքա՛ր, նախքան Քալիֆորնիա գալդ ո՞ւր էիր:
Զաքար Զաքարենց.- 25 տարիներէ ի վեր Նիւ Ճըրզի նահանգն էի: Քանի որ հոս, Քալիֆորնիա նահանգի նպաստը աւելի նպաստաւոր է, երկու տարի առաջ Կլէնտէյլ հաստատուեցայ: Շատ աղուոր քաղաք է: Միայն անգլերէն խօսելու առիթը չկայ այս քաղաքին մէջ: «Պանքա»ին մէջ՝ հայերէն: «Օթօ» քշելու արտօնութեան ատեն՝ հայերէն: «Իմիկրէյշըն»՝ հայերէն: Առեւտուր՝ հայերէն: Դպրոցները՝ հայերէն: «TV»ները՝ հայերէն: Հայերէն, հայերէն, հայերէն: Միայն «օթօ»ներու «թիքեթ»ները անգլերէն են: Միտք ունիմ «Լիթըլ Արմենիա» քաղաքը փոխադրուիլ, թերեւս հոն թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ անգլերէն խօսելու առիթներ ունենամ:
Ասպետ Պարզունի.- 25 տարիներէ ի վեր Ամերիկա ես, Զաքար ջան, հարկաւ տաքն ու պաղը տեսած-անցուցած մարդ եղած ես Նիւ Ճըրզիի մէջ: Երկու տարիէ այստեղ ես: Ի՞նչ է կարծիքդ Լոս Անճելըսի մասին:
Զաքար Զաքարենց.- Հետաքրքրութիւնս գոհացնելու համար ես միշտ հետեւած եմ Լոս Անճելըսի մէջ հրատարակուող հայկական լրագիրներուն: Թերթերու մէջ անպակաս եղած են Լոս Անճելըս ժամանողները, բոլորն ալ եղած են հանրածանօթ անհատներ, առեւտրականներ, գրագէտներ, երգիչներ, ազգային բարերարներ, դերասաններ, փրոֆեսէօրներ, մինչեւ անգամ նշանաւոր պարծենկոտներ, փչողներ, փախչողներ, նետողներ, ուտողներ, պառկողներ եւ այլն:
Ասպետ Պարզունի.- Ինչ որ է, Զաքար ջան, ես քեզ ճանչցած եմ Պէյրութէն, իբրեւ հետաքրքիր եւ տրամաբանող անձ. հաճելի է հետդ խօսիլը, հաճիս տանս եւ ձեռքիս հեռաձայնի թիւերը վերցո՛ւր եւ հեռաձայնէ յաճախ, որպէսզի գաղութն ու հայութիւնը հետաքրքրող հարցերու մասին խօսակցինք:
Զաքար Զաքարենց.- Հոգ մի՛ ըներ, Ասպետ, կը հեռաձայնեմ քեզի, ու եթէ հեռաձայններուն պատասխանելու սովորութիւն ունիս, կը խօսիս հետս:
Ասպետ Պարզունի.- Երկու տարի առաջ եթէ տեղեկացնէիր ժամանումիդ մասին, ես հետեւեալ ծանուցումը կը տեղաւորէի թերթերու մէջ. «Վաղը Լոս Անճելըս պիտի ժամանէ (Սփիւռքի մամլոյ գործակալութեան) ներկայացուցիչ հանրածանօթ պրն. Զաքար Զաքարենցը»: Վերջ ի վերջոյ, քիչ թէ շատ, միջգաղութային անձ մըն ես: Լոս Անճելըսի մէջ քեզ ճանչցողները անհամար են: Ցտեսութիւն, Զաքա՛ր:
Զաքար Զաքարենց.- Ի քաղցր տեսութիւն, Ասպետ ջան: Կը տեսնուինք:
(Ձեր արձագանգները կրնաք ղրկել MA@MassisArt.com ելեկտրոնային հասցէին, «Ասպարէզ»ին կամ ալ հեռաձայնելով 818-469-8810 կամ 323-469-8810 թիւերով)