ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ՝ Յունիս 18ին, Երեւանի մէջ կայացած Հայաստանի զբօսաշրջութեան մրցունակութեան երրորդ համաժողովին ընթացքին քննարկուած են Հայաստանը զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ մրցունակ դարձնելու հարցեր: Ըստ Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ձեռնարկութիւններու միութեան նախագահ Յովհաննէս Աւոյեանի, համացանցին մէջ Հայաստանի զբօսաշրջային ոլորտի ներկայութիւնը գնահատելու համար, անհրաժեշտ է ունենալ չափման միաւորներ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան ճշգրիտ եւ արդիւնաւէտ աշխատելու այդ միջավայրին մէջ:
Յ. Աւոյեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ համացանցային աղբիւրը գրեթէ չի օգտագործուիր եւ երկիրը լաւ չէ ներկայացուած համացանցին մէջ: Անոր համոզումով, ներկայիս մրցակցութիւնը համաշխարհային է եւ անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել, որ այսօր իրարու հետ կը մրցակցին ոչ թէ հայ զբօսաշրջութեան գործարարներ, այլ վերջիններս՝ ամբողջ աշխարհի զբօսաշրջութեան գործարարներու հետ:
Զբօսաշրջութեան ոլորտը բարելաւելու համար, ան կ՛առաջարկէ ունենալ դասակարգուած համակարգ եւ չափել իւրաքանչիւր գործողութեան արդիւնաւէտութիւնը:
Հայաստանի տնտեսութեան փոխնախարար Վահէ Դանիէլեան, ողջունելով նման կարգի համաժողովները՝ իր կարգին նշած է, որ Հայաստանի զբօսաշրջութեան բնագաւառը գերակայ ճիւղ է եւ հիմնարար ուղղութիւն՝ ապագային Հայաստանի տնտեսական զարգացման մէջ: Անոր խօսքով, այս հանդիպումը կարեւոր է նաեւ առկայ ճգնաժամի պարագային:
CAPS ծրագրի միջազգային խորհրդատու Մայք Տաքեր նշած է, որ զբօսաշրջութեան զարգացման համար շատ կարեւոր է տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը, քանի որ անիկա կ՛օգնէ աւելի մրցունակ դառնալու առեւտուրի մէջ, միեւնոյն ժամանակ աւելի շատ տեղեկատւութիւն տրամադրելու հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ:
«Հայկական յուշարձանների ճանաչման» ծրագրի ղեկավար Նիք Նայի խօսքով, պէտք է այնպէս ներկայացնել Հայաստանը, որ աշխարհի մէջ բոլորը գիտնան, թէ որքա՛ն հիասքանչ երկիր է անիկա՝ իր բնական յուշարձաններով, մշակութային կոթողներով եւ այլն:
Նշենք, որ սոյն համաժողովը կը կայանայ Միացեալ Նահանգներու ՄԶԳ «Մրցունակ մասնաւոր հատուած Հայաստանում» ծրագրի ծիրէն ներս, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան, Զբօսաշրջութեան զարգացման հայկական գործակալութեան եւ Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի համագործակցութեամբ: