ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ խումբ մը քոնկրէսականներ ողջունած են Հայաստանի տրամադրուող ամերիկեան տնտեսական օժանդակութիւնը չնուազեցնելու (48 միլիոն տոլար) եւ Լեռնային Ղարաբաղի տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութիւնը աւելցնելու (10 միլիոն տոլար) Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնաժողովի մէկ ենթայանձնաժողովին կողմէ տրուած Յունիս 17ի որոշումը:
Ենթայանձնաժողովը նաեւ որոշած էր անխախտ պահել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը՝ իւրաքանչիւրին 3 միլիոն տոլարի ռազմական նպաստ տրամադրելով:
Քոնկրէսական Ֆրէնք Փալոն դրուատեց այս որոշումի գոյացման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած ենթայանձնախումբի նախագահ Նիթա Լոուիի եւ Քէյ Կրէյնճըրի տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ՝ քոնկրէսականներ Էտըմ Շիֆի եւ Մարք Քըրքի ջանքերը, որոնց շնորհիւ տնտեսական համաշխարհային ճգնաժամին ընթացքին, Հայաստան եւ Արցախ պիտի շարունակեն ամերիկեան օժանդակութիւն ստանալ:
Իր կարգին, Քըրք, որ անդամ մըն է ենթայանձնաժողովին, յայտնեց, թէ այս օժանդակութիւնը յոյժ կարեւոր է Հայաստանի համար, որ արդէն իսկ պատրաստութիւններ կը տեսնէ Աֆղանիստանի մէջ խաղաղապահ աշխատանքներուն ռազմական ուժ տրամադրելու համար: Քըրք, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրէսականներ Լոուիին, Փալոնին, Շիֆին եւ Կրէյնճըրին:
Վերջապէս, քոնկրէսական Շիֆ յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Արցախի տրամադրուող այս գումարները մեծ նպաստ պիտի բերեն Կովկասը կայուն պահելու աշխատանքներուն, միաժամանակ դրուատելով այս որոշումը ապահովելու աշխատանքին մէջ իր պաշտօնակիցներուն ջանքերը:
Այս որոշումը տրուած էր հակառակ այն իրողութեան, որ Սպիտակ տունը առաջարկած էր 48էն 30 միլիոն տոլարի նուազեցնել Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութիւնը, եւ ի նպաստ Ատրպէյճանի՝ խախտել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնը: