ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Աւելի քան տարի մըն է, որ Հայաստանի ղեկավարները կը գործեն այն սխալ համոզումով, թէ կարգ մը հարցերու մէջ Ուաշինկթընին յարմարիլը տնտեսական եւ քաղաքական օգուտ կ՛ընձեռէ իրենց, կը պահպանէ զիրենք ժողովրդավարական թերութիւններու վերաբերեալ ամբաստանութիւններէ եւ կը
համոզէ Արեւմուտքը, որ նեցուկ չկանգնի իրենց ներքին հակառակորդներուն։
Հիմնուելով այս ձեւի երազային մտածողութեան վրայ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը շարունակ փորձեր կատարեց Միացեալ Նահանգներու հաճութիւնը շահելու։ Օրինակի համար, անցեալ տարի երբ նախագահ Պուշ, Մարի Եովանովիչը առաջարկեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներ դիմեցին Հայաստանի ղեկավարներուն, որպէսզի Ուաշինկթընի մէջ իրենց կապերը օգտագործելով՝ դիւրացնեն Եովանովիչի վաւերացումը Ծերակոյտին կողմէ։ Անոնք վախցան, որ Եովանովիչ եւս կրնար նոյն ճակատագրին ենթարկուիլ, ինչպէս իր նախորդը՝ Ռիչըրտ Հոկլընտը, որուն վաւերացումը խափանուեցաւ Ծերակոյտին մէջ՝ ամերիկահայերուն պնդումներով։ Հայաստանի կառավարութիւնը ընդառաջեց՝ հաւանաբար յուսալով, որ նոր դեսպանը եւ Միացեալ Նահանգները փոխադարձաբար բարի կամեցողութիւն կը ցուցաբերեն Երեւանի նկատմամբ, որոշ ճակատագրական հարցերու մէջ։
Այլ հարց մը, որուն մէջ Հայաստան յարմարեցաւ Ուաշինկթընի հաճութիւնը շահելու համար՝ իր պատմական թշնամի Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու սկսիլն էր, ի գին սահմանի բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնումին։ Մինչ Երեւան կը հաւատար, որ այդ մէկը նաեւ իր շահերուն կը ծառայէր, ամերիկացի պաշտօնատարներն էին այդ բանակցութիւններուն ետին գտնուող մղիչ ուժը, յատկապէս երբ ի յայտ եկաւ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ոչ մէկ շահ ունէր Հայաստանի հետ անկեղծ քննարկումներ կատարելէ, եւ ոչ մէկ մտադրութիւն՝ սահմաններ բանալու։ Թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգները մեծապէս օգտուեցան այդ բանակցութիւններուն ձգած սխալ տպաւորութիւններէն։ Թուրքիա յաջողեցաւ ականահարել 24 Ապրիլին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախագահ Օպամայի խոստումը։ Փոխարէնը, Ուաշինկթըն կրցաւ ապահովել Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ արաբ-իսրայէլեան տագնապին մէջ ամերիկեան քաղաքականութիւններուն նեցուկ կանգնելու Թուրքիոյ յանձնառութիւնը։
Հայաստան, միւս կողմէ, ոչ մէկ շօշափելի շահ ապահովեց։ Իրականութեան մէջ բանակցութիւններու ընթացքին մասին անոր յարատեւօրէն լաւատես յայտարարութիւնները օգնեցին, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ լաւ երեւին աշխարհին առջեւ։ Բան մը չշահելուն կողքին, Հայաստանի կառավարութիւնը վտանգի ենթարկեց իր հզօր Սփիւռքին եւ իր հասարակութեան մեծ մասին նեցուկը։ Առաւել, ՀՅԴն՝ Հայաստանի կառավարութիւնը կազմող չորս կուսակցութիւններէն մէկը, ձգեց իշխող քոալիսիոնը (համադաշնակցութիւնը), 24 Ապրիլի նախօրեակին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ միացեալ հանրային յայտարարութենէն ետք։ Նախագահ Օպամա հայ-թրքական բանակցութիւններուն մէջ այդ ենթադրեալ յառաջխաղացքը մէջբերեց իր 24 Ապրիլի խօսքին մէջ՝ խուսափելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան բացայայտ վերագրում ընելէ։
Հիմա յստակ է Հայաստանի կառավարութեան համար, որ Ուաշինկթըն միտք չունէր Հայաստանին յարմարելու ո՛չ տնտեսական, ո՛չ քաղաքական մարզերուն մէջ, ոչ ալ ժողովրդավարական թերութիւններուն նկատմամբ։ Հայաստանի համար Օպամայի վարչամեքենային կողմէ վերջերս առաջարկուած օժանդակութիւնը երեսունութ տոկոսով նուազ է քան անցեալ տարուանը։ Ուրիշ ամերիկեան օժանդակութեան ծրագիր մը՝ տրամադրուած »Հազարամեակի մարտահրաւէրներ« ընկերակցութեան կողմէ, նուազեցաւ շուրջ մէկ երրորդով (վաթսունեօթը միլիոն տոլար). պատճառաբանուեցաւ, թէ երկիրը ձախողած էր օժանդակութեան համար ատակ համարուելու պայմանները լրացնելու մէջ։ »Հազարամեակի մարտահրաւէրներ« ընկերակցութիւնը իր օժանդակութեան տուչութեան որոշումը կը հիմնէ տասնվեց ցուցանիշներու վրայ, զորս օժանդակութիւն ստացող երկիրը պէտք է պահէ։
Նեղացուցիչ է, որ այդ ձեւի չափանիշներ պիտի պարտադրուին Հայաստանի վրայ օտար երկրի մը կողմէ։ Բնակչութեան կեանքի պայմաններուն բարելաւումը հայ ժողովուրդին շահերուն կը ծառայէ։ Հայաստանի կառավարութեան պարտաւորութիւնն է՝ իրականացնել այդ ձեւի բարելաւումներ, չսպասելով այդ մէկը ընել արտաքին օժանդակութեան դադրեցման սպառնալիքին տակ։
»Հազարամեակի մարտահրաւէրներ« ընկերակցութեան օժանդակութեամբ իրագործուող գիւղական ճանապարհաշինութեան ծրագիրին դադրեցումին անմիջական հետեւանքը պիտի զգացուի Հայաստանի լքեալ երկրագործներուն կողմէ, որոնք պէտք ունին ենթակառոյցի բարելաւման, որպէսզի կարենան աճեցնել, փոխադրել եւ վաճառել իրենց արտադրութիւնները։
Յստակ չէ տակաւին վերոնշեալ նահանջին դիմաց Հայաստանի ղեկավարներուն որդեգրելիք ուղեգիծը։ Արդեօք անոնք պիտի ջանա՞ն լրացնելու ընկերակցութեան պայմանները, կամ ամբողջութեամբ պիտի հրաժարին անկէ։
Այս վերջին զարգացումը կրնայ ունենալ հեռահաս եւ չմտադրուած հետեւանքներ, որոնք կրնան հայաստանցի գիւղացիներէն անդին անցնիլ։ Հայաստանի ղեկավարները կրնան եզրակացնել, թէ Միացեալ Նահանգներուն կամքը կատարելը ոչ ծածկ մը պիտի տրամադրէ վարչակարգի ժողովրդավարական թերութիւններուն համար, ոչ ալ որեւէ շօշափելի շահ պիտի ապահովէ երկրին:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ սահմաններու բացման։
Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները, որոնք արդէն իսկ անելի մատնուած են Անգարայի կողմէ՝ առաջադրուած անընդունելի նախապայմաններուն պատճառով, կրնան բոլորովին խափանուիլ։
Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ պաշտօնապէս հրաժարիլ թէ՛ Արեւելքը եւ թէ՛ Արեւմուտքը գոհ ձգելու իր անուանական քաղաքականութենէն, ու ամէն ժամանակէ աւելի վստահիլ Ռուսիոյ եւ Իրանին։
Վերջապէս, դժբախտութիւն է, որ »Հազարամեակի մարտահրաւէրներ« ընկերակցութեան որոշումը տրուեցաւ այս ամսուան ընթացքին, դեսպան Եովանովիչի կողմէ Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքներուն տալիք այցելութեան նախօրեակին։ Անոր այցելութեան ընթացքին, ան հաւանաբար հանդիպի հանրային բողոքի արտայայտութիւններու, թէ՝ ամերիկեան կառավարութիւնը երկու չափի, երկու կշիռի քաղաքականութիւն կը վարէ՝ մէկ կողմէ Հայաստանին տրամադրուելիք օժանդակութեան նուազումով եւ միւս կողմէ Ատրպէյճանի օժանդակութեան յաւելումով, հակառակ այն իրողութեան, որ Ատրպէյճան քարիւղի հսկայական եկամուտ ունի եւ պէտք ալ չունի ամերիկեան նպաստին։ Նոյն ձեւի երկու կշիռի քաղաքականութիւն կը վարուի Վրաստանի հետ բաղդատաբար, մինչ ան կը շարունակէ մնալ »Հազարամեակի մարտահրաւէրներ« ընկերակցութեան օժանդակութենէն օգտուող մը՝ անոր պայմաններէն մի քանին խախտելով հանդերձ։
Դեսպան Եովանովիչ կրնայ քննադատութիւններ լսել ամերիկահայ համայնքի մեծ մասին կողմէ, ինչ կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախագահ Օպամայի նախընտրական խոստումի դրժումին։ Ատիկա դեսպանին յանցանքը չէ։ Սակայն տրուած ըլլալով, որ ան կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները, ան ինքնաբերաբար թիրախ պիտի հանդիսանայ Օպամայի վարչամեքենային դէմ ուղղուած բոլոր քննադատութիւններուն։
»Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր«ի Խմբագիր
Յարութիւն Սասունեան կը մոռնայ Մոսկուայի տրամագրածթ հինգ հարիւր տոլլար փոխատուութիւնը Հայաստանին
Այսինքն Հայոց երկիրը մնացած է աճուրդի մէջ աւելի տուողին վաճառքի առական
այս մարդիկը ոչ ալ միւս յիմարը արժանի ն Հայոց երկիրը ղեկավարելու
իսկ դաշնակցութիւնը մինչեւ հիմա չկ»ցաւ դարուն պատշաճող ծրագիրով մը ներկայնալ հանրութեան իրարայաջորդ ձախողութիւնններ այդ կը վկայեն վերջերս ըլլայ Լիբանան ըլլայ երեւան։
Նոր մտածողութեան կարիք կայ կը խորհիմ։
Ո՞ւր է մեր համալսարնաւարտ բազմահալար երիտասարդութիւնը
PS
Յարութիւն Սասունեան կը մոռնայ Մոսկուայի տրամագրածթ հինգ հարիւր milions տոլլար փոխատուութիւնը Հայաստանին
Այսինքն Հայոց երկիրը մնացած է աճուրդի մէջ աւելի տուողին վաճառքի առական
այս մարդիկը ոչ ալ միւս յիմարը արժանի ն Հայոց երկիրը ղեկավարելու
իսկ դաշնակցութիւնը մինչեւ հիմա չկցաւ դարուն պատշաճող ծրագիրով մը ներկայնալ հանրութեան իրարայաջորդ ձախողութիւնններ այդ կը վկայեն վերջերս ըլլայ Լիբանան ըլլայ երեւան։
Նոր մտածողութեան կարիք կայ կը խորհիմ։
Ո՞ւր է մեր համալսարնաւարտ բազմահալար երիտասարդութիւնը