ԵՐԵՒԱՆ.- Արդէն յայտնի դարձած են Յուլիս 12-19 կայանալիք «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային շարժանկարային փառատօնի երեք մրցութային ծրագիրներու (միջազգային խաղարկային, վաւերագրական, ինչպէս նաեւ` հայկական համայնապատկեր շարժանկարներ) դատակազմերու անդամները: Յունիս 19ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, փառատօնի ծրագիրներու տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեան եւ գեղարուեստական տնօրէն Սուսաննա Յարութիւնեան լրագրողներուն ներկայացուցած են ժիւրիի կազմը:
Սամբոլցեան նշած է, որ կազմը կը նպաստէ նաեւ փառատօնի որակի բարելաւման, եւ մասնակիցներուն համար շատ կարեւոր է, թէ ո՛վ է մրցանակը յանձնողը:
Այսպիսով, միջազգային խաղարկային շարժանկարներու դատակազմը կը գլխաւորէ Քոհէյ Օկուրին՝ Ճաբոնէն:
Դատակազմին մէջ են նաեւ Համպուրկի փառատօնի տնօրէն, Գերմանիայէն՝ Ալպերթ Վիթերշփիլը, Սպանիայէն՝ Փակօ Փոշը, Վրաստանէն՝ Նանա Ճորճածէն, նաեւ մեր երկու հայրենակիցները՝ Արսինէ Խանճեանը Քանատայէն եւ Էրիք Պօղոսեանը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն:
Միջազգային վաւերագրական շարժանկարներու դատակազմի նախագահը Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Ռոտնեանսքին է:
«Հայկական համայնապատկեր» մրցոյթի դատակազմի բոլոր անդամները ազգութեամբ հայ են, նախագահը՝ Նիտեռլանտներէն Հայկ Բալեանը:
Փառատօնի պատուաւոր հիւրը պիտի ըլլայ ամերիկացի բեմադրիչ, բազմաթիւ մրցանակներու եւ մրցոյթներու դափնեկիր Ռոպ Նիլսընը:
Փառատօնի պատուաւոր հիւրերէն է նաեւ շարժանկարներ արտադրող Ալան Թերզեանը՝ Ֆրանսայէն:
Յիշեցնենք, որ այս տարի «Ոսկէ Ծիրան»ը ստացած է 430 դիմում՝ 65 երկիրներէ, անոնցմէ ընտրուած է 110 շարժանկար՝ 40 երկիրէ: Ըստ Մ. Սամբոլցեանի, կարմիր դահլիճին մէջ կայանալիք ցուցադրումներուն ընթացքին լրագրողներուն պիտի յատկացուի ամֆիթատրոնը, «Իսկ մնացած բոլոր սէանսների համար թէ՛ լրագրողները, թէ՛ հիւրերը, թէ՛ այն մարդիկ, ովքեր հաւատարմագրուած են փառատօնին, պէտք է նախորդ օրը յայտ ներկայացնեն փառատօնի ինֆորմացիոն (տեղեկատուական) կենտրոն, թէ՝ յաջորդ օրուան ո՞ր ցուցադրումների համար են տոմս ուզում: Մենք այդ տոմսերը ձեռք կը բերենք ու կը տանք նրանց», ըսած է Սամբոլցեան: