ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աստուծոյ ուղղուած աղօթքներուն մեծամասնութիւնը խնդրանքներու համար կը կատարեն մարդիկ: Սա եթէ պիտի բացատրուի կերպով մը, պէտք է զայն ընդունիլ իբրեւ մարդկային տկար բնութեան բարացուցիչ: Խնդրանքը, ընդհանրապէս սպասում մը եւ ստացում մը կ՛ենթադրէ: Առաջինը՝ ակնկալիք որպէս, իսկ երկրորդը՝ պատասխան:
Աղօթքներու տեսակներուն մասին բազմաթիւ գրութիւններ հեղինակած են մեր եկեղեցւոյ հայրերը, յատկապէս Շնորհալիները, որոնք իրենց պահեցողութեան նուիրուած քարոզներուն մէջ լայնօրէն կ՛անդրադառնան մաքուր սրտէ բխած, ու զօրաւոր հաւատքով ամրապնդուելէ ետք առ Աստուած բարձրացած աղօթքին: Անշուշտ ամէն մարդ չի կրնար նուաճել աղօթքի այն բարձունքը, որուն մասին ո՛չ գիրն ու գրականութիւնը կրնան պատմել, ո՛չ բանաւոր խօսքը, եւ ո՛չ մէկ տեսակի հաւատքի վկայութիւն: Թող որ այդ պահուան ջերմութիւնը, հուրը, վայելքը, հաճոյքը, ապրումը ու ազդեցութիւնը անհատական հարստութիւն մնան, իւրաքանչիւր աղօթող հոգիի խորանին առկայծ լապտեր իւղին մէջ սուզուած:
Աստուծոյ մասին նիւթական պատկերացում ունեցող հաւատացեալներ, մինչեւ այսօր գերզբաղ անձի մը կերպարը կը տեսնեն տիեզերքի Արարիչին մէջ, եւ իրենց միամիտ հարցումներուն տրուած լուսաբանութիւնները միշտ ալ անբաւարար կը թուին: Որովհետեւ այդպիսիներուն համար անտրամաբանական միակ կէտը այն է, թէ Աստուած ինչպէ՞ս պիտի կարենայ հասնիլ, լսելու համայն մարդկութեան խնդրանքները, ու մանաւանդ՝ հերթականութեամբ պատասխանելու այդ բոլորին…:
Ուղղակի վերջերս, հեռատեսիլի մանկական յայտագրէն ներկայացուեցաւ ծրագիր մը, որուն նպատակը քրիստոնէական դաստիարակութիւն կատարել էր: Հաղորդավարը աղօթքի բովանդակութեան մասին մանուկները լուսաբանելով՝ ցոյց կ՛ուզէր տալ, թէ ճշմարիտ աղօթքը այն է, որ չափաւոր է: Աղօթք, որուն մէջ խնդրական ու գոհաբանական բաժինները հաւասարակշռուած են, եւ «չեն ձանձրացներ» զԱստուած:
Հաղորդավարը աւելի մանրամասնելով նիւթը՝ այժմէական գունաւորումով ներկայացուց ամփոփ պատմուածք մը, որ կը խօսէր երկինքի առօրեային մասին: Հրեշտակներուն կեանքը, անոնց զբաղումները, երկնային օթեւաններուն մէջ մարդոց համար պատրաստուած լուսեղէն խորանները, եւ այն երանական կեանքը, որուն հասնելու փափաքով պէտք է եռայ իւրաքանչիւր իսկական հաւատացեալի հոգին:
Ապա, ան պատմեց գրասենեակի մը մասին, ուր երկու հզօր համակարգիչներու եւ միլիառաւոր հեռախօսազանգեր ստացող երկու հեռաձայններու դիմաց նստած են երկու հրեշտակներ, որոնք ամէնէն աշխոյժ անդամներն են երկնային զօրքին: Ան ըսաւ նաեւ, թէ հրեշտակներուն գործածած համակարգիչներուն ծրագիրները, միայն հազար տարի վերջ հաւանաբար մարդիկ կարենան հնարել՝ մեծ ջանք ի գործ դնելով:
Շարունակելով իր պատմութիւնը, մանուկներուն հետաքրքրութիւնը յանկարծ անոնցմէ մէկուն վրայ հրաւիրելու մանկավարժական մեթոտով, հաղորդավարը ըսաւ, թէ հրեշտակներէն մէկը շատ գործ ունէր, ու շունչ առնելու համար միայն գլուխը վեր կը վերցնէր գրասեղանէն, մինչ միւսը՝ համակարգիչի տարբեր մասերուն մէջ կը շրջագայէր եւ միայն երբեմն հեռախօսազանգ կը ստանար:
Ի վերջոյ նիւթը ամփոփուեցաւ մարդոց կատարած աղօթքի տեսակներուն վրայ: Ան ըսաւ, թէ զբաղած հրեշտակին հեռաձայնողները անընդհատ խնդրանքներ ներկայացնող մարդիկն էին, որոնց աղօթքը միմիայն խնդրանքներու հաւաքածոյ մըն է: Մինչ, միւս հրեշտակը, որ միայն երբեմն հեռախօսազանգ կը ստանար, հաւատքի մէջ ամուր եղող ու Աստուծոյ գոհաբանութիւն ընծայող մարդոց շնորհակալական աղօթքները կ՛արձանագրէր: Ուրեմն ինչքա՜ն քիչ են թիւով այն մարդիկը, որոնք կը յիշեն զԱստուած, երբ գոհունակ սրտով իրենց երախտիքը պիտի յայտնեն Անոր: Մինչ դժուարութեան մէջ, տառապանքի ու նեղութեան մէջ գտնուողները վայրկեան մը իսկ չեն ուշանար իրենց խնդրանքը ներկայացնելու Աստուծոյ, թերեւս ալ երբեմն յուսահատելով ու բարկանալով, որ կ՛ուշանայ իրենց աղօթք-խնդրանքին պատասխանը…:
Հազիւ թէ աւարտած կը նկատուէր ներկայացուած պատմուածքը, յանկարծ քիչ մը աւելի տարածուեցաւ նիւթը, երբ հրեշտակներու գրասենեակին մէկ անկիւնը կազմուած ապակեայ սենեակին մէջ նստող հրեշտակին պարտականութիւնը բացատրեց ան: Բայց ինչո՞ւ ապակեայ սենեակին մէջ պիտի նստէր այդ հրեշտակը, որուն հեռախօսն ալ յաճախակիօրէն չէր հնչեր: Ան բացատրեց, թէ գաղտնի հեռաձայններու համար վերապահուած թիւն էր այդ, որուն կը հեռաձայնեն մարդիկ, իրենց թշնամիներուն համար աղօթք խնդրելու: Այստեղ, Աւետարանէն ուղղակի քաղելով հատուածը՝ մանկավարժական սքանչելի մօտեցումով ան ներկայացուց Առակաց գիրքի այն տողը, ուր թշնամիներուն օգտակար հանդիսանալու պատգամ կու տայ Աստուած. «Եթէ թշնամիդ քաղցած է, հաց տուր իրեն. եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր. այսպէս վարուելովդ արդէն ամօթը զինք կ՛այրէ» (Առ 25.21-22, Հռ 12.20): Պօղոս առաքեալն ալ Առակացի նոյն տողը առնելով՝ կը խրատէ հռոմէացի իր հաւատացեալները, անոնց ուղղուած նամակին մէջ:
Մանկական յայտագրի առաջին մասէն աւելի հետաքրքրական դարձաւ այս երկրորդ մասը, որ խոստովանութեանց յատուկ ապակեայ սենեակին վրայ կեդրոնացուց մանուկներուն ուշադրութիւնը: Այնուհետեւ, այնտեղ լսուող իւրաքանչիւր հեռախօսազանգ աւելի կը գրգռէր անոնց հետաքրքրութիւնը, թէ՝ որո՞նք էին արդեօք հեռաձայնողները, եւ որո՞նց համար աղօթք կը խնդրէին հեռաձայնողները:
Վերջին բաժինով, յայտագրին մասնակից մանուկներէն խնդրուեցաւ հրապարակաւ աղօթել իրենց այն ընկերներուն համար, որոնք այս կամ այն ձեւով նեղութիւն պատճառած էին իրենց: Այստեղ, մասնագէտ մանկավարժը բացատրեց իրենց Յիսուսի այն խօսքը, ըստ որուն՝ դիւրին է ծանօթներուն ու հարազատներուն համար աղօթել, սակայն Իր աշակերտները ու Իր իսկական հետեւորդները ըլլալուն կարեւոր արտայայտիչը պիտի ըլլայ թշնամիներուն համար աղօթելու վեհանձնութիւնը: Այստեղ նաեւ անոնք սորվեցան Աւետարանական Ոսկեայ համարը, որ կ՛ըսէ. «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն» (Մտ 5.44):
Ամբողջ յայտագրին հետեւելէ ետք, մտածում մը ունեցայ՝ միեւնոյն յայտագիրը մեծերու մասնակցութեամբ անգամ մը եւս կրկնելու մասին, այն համոզումով, որ շատ աւելի պիտի պատշաճէր անիկա մեծերուն: Ո՛չ մէկ տարբերութիւն՝ կեանքի առաջին քայլերը առնող մատղաշ սերունդին եւ կեանքի փորձով ծանրաբեռն մարդոց միջեւ: Փաստօրէն, երկու խումբերն ալ միեւնոյն դժուարութիւններով կը տառապին: