ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երկկողմանի վաւերացման գործընթացի աւարտէն ետք, Յունիս 16ին ուժի մէջ մտած է 2008ի Նոյեմբեր 21ին Հայաստանի հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն միջեւ՝ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած «Օդային հաղորդակցութեան մասին» (Բաց երկինք) համաձայնագիրը:
Ըստ Հայաստանի ԱԳ նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան, այս փաստաթուղթով հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու օդանաւային ընկերութիւններուն՝ ուղիղ թռիչքներ իրականացնելու երկու երկիրներուն միջեւ: