ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի տնտեսական անկումը կը մօտենայ 1990ականներու սկիզբը գրանցուած երկնիշ ցուցանիշներուն: Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան Յունիս 19ին հրապարակած տուեալներուն, տարուան առաջին հինգ ամիսներուն տնտեսութեան ներքին արդիւնքը, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, նուազած է 15.7 տոկոսով: Տնտեսական անկման մէջ յատկապէս մեծ է դերը շինարարութեան ծաւալներու նուազեցման. սոյն ոլորտի արդիւնաբերութիւնը 2009ի Յունուար-Մայիս ամիսներուն կրճատուած է շուրջ 56 տոկոսով:
Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) հրապարակած նախնական տնտեսական ցուցանիշներէն պարզուած է, թէ տնտեսութեան Համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) 2009 թուականի Յունուար-Մայիս ամիսներուն, կազմած է 839.4 միլիառ դրամ (2.44 միլիառ տոլար), ուստի՝ տնտեսութեան անկումը արագացած է. այս տարուան Յունուար-Ապրիլ ամիսներուն, ՀՆԱն նուազած է 9.7 տոկոսով: Թէեւ նախքան համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը, մինչեւ նախորդ տարուան Սեպտեմբեր ամիսը, Հայաստանի տնտեսութիւնը կ՛աճէր երկնիշ ցուցանիշով: