ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) կարգաւորող յանձնաժողովը Երկուշաբթի, Յունիս 22ին, քննարկած է Հայաստանի վերաբերող ԵԽԽՎի ընդունած բանաձեւերուն կատարման հարցը:
«Կայ առաջընթաց, որ պայմանաւորուած է իրականացուած համաներմամբ, սակայն Հայաստանը պիտի շարունակէ մնալ կարգաւորող «ռեժիմ»ի ներքոյ, որպէսզի պարզ դառնայ, թէ ինչպէ՛ս կը կիրառուի համաներումը», գնահատած է ԵԽԽՎ կարգաւորող յանձնաժողովը:
Դռնփակ քննարկման ընթացքին ընդունուած է նաեւ բանաձեւի նախագիծ մը, որ առայժմս չէ հրապարակուած: Յայտնի է, սակայն, որ անով կը գնահատուի իրականացուած համաներումը, բայց նաեւ կէտ առ կէտ անդրադարձ կը կատարուի Հայաստանի վերաբերեալ երեք պահանջներու կատարման մասին:
Նիստին մասնակցելու հրաւէր ստացած էին Վեհաժողովի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, Ժառանգութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչ Զարուհի Փոստանջեանը եւ Հայ ազգային կոնգրէսի ներկայացուցիչ Արման Գրիգորեանը:
Վերջինս, «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է. «Պարոն Փրեսքոթը, ի պատասխան իմ եւ տիկին Փոստանջեանի յայտարարութիւններին, իր կարծիքը յայտնեց ներկայ իրադրութեան մասին: Նրա ասածից կարելի էր եզրակացնել, որ նա որոշակի «պրոգրէս» տեսնում է, եւ այդ «պրոգրեսը հնարաւոր չէ չգնահատել»: Նա համաձայն չէ իմ այն գնահատականի հետ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները տորպեդահարել են փաստահաւաք խմբի աշխատանքը: Նրա կարծիքով, հէնց փաստահաւաք խմբի փորձագէտները չկարողացան իրենց քաղաքական հայեացքները մի կողմ դնել եւ աշխատել որպէս փորձագէտ»:
Զարուհի Փոստանջեանը, նախքան նիստի սկսիլը, կարգաւորող յանձնաժողովի անդամներուն տրամադրած է շարք մը փաստաթուղթեր՝ փաստահաւաք խումբի լուծարման եւ ԵԽԽՎ բանաձեւերու կատարման վերաբերեալ, նաեւ առանձին փաստաթուղթ մը, ուր նշուած է, թէ զո՞վ պիտի չընդգրկէ համաներումը:
«Ես ասացի, որ այսօր էլ, թէպէտ համաներում է յայտարարուել, եւ կան մարդիկ, որոնք անմեղ էին եւ ազատ են արձակուել, բայց, այնուամենայնիւ, նրանց նկատմամբ մեղադրական դատավճիռները կայացուել են առանց որեւէ ապացոյցի», «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Զարուհի Փոստանջեանը:
ԵԽԽՎ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանը նոյնպէս մեկնաբանած է կարգաւորող յանձնաժողովին որոշումը. «Երկիրը շարունակելու է անշուշտ մնալ մոնիտորինգի ենթակայ: Նշուեցին նաեւ առաջիկայ խնդիրները: Առաջնահերթ խնդիր է համարւում փոփոխութիւններ կատարելը Ընտրական օրէնսդրութեան մէջ: Աւելին, հաւանաբար նաեւ որոշակի փոփոխութիւններ լինեն, որովհետեւ կարեւորուեց ոչ միայն Ընտրական օրէնսդրութեան փոփոխութիւնը, այլ նաեւ այնպիսի մեխանիզմների ամրագրումը, որը կը բարձրացնի հանրային վստահութիւնը ընտրական գործընթացի նկատմամբ»: