ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու Ցեղասպանութեան դաստիարակութեան ծրագրի կամաւոր գործիչներէն Շանթ Յակոբեանի ջանքերով, անցեալ Մայիս 29ին, Սան Ֆերնանտօ հովիտի փայլուն աշակերտներու յատուկ՝ «Valley Alternative Magnet School»ին մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ներկայացում մը տեղի ունեցաւ՝ վարժարանի «2009ի խաղաղութեան օրուան ծրագրին» հետ գործակցաբար:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Լէօ Սարգիսեան» վարժողական ծրագրին նախկին մասնակիցներէն մէկը հանդիսացող Շանթ Յակոբեանը, Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթը ներկայացուց վարժարանի 7-11րդ կարգերու աշակերտներուն, որոնք իրենց հարցումներով եւ հաստատումներով ճոխացուցին զեկուցումը:
Աշակերտները, որոնց մէկ մասը արդէն իսկ ծանօթ էր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան, քննեցին ցեղասպանութեան ուրացման վտանգները՝ միաժամանակ շեշտելով մարդկային իրաւանց բոլոր հարցերը լուսարձակի տակ պահելու կարեւորութիւնը:
«Յաջորդ սերունդին պատմութեան այս ընդհանրապէս անտեսուած էջերը ներկայացնելը յոյժ կարեւոր է: Հայկական Ցեղասպանութեան պարագային, դաստիարակութիւնը կը հանդիսանայ ուրացման արշաւին դէմ դնելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը՝ միաժամանակ նպաստելով ընկերային վիճակներու բարեփոխման», կը յայտնէ Յակոբեան, որ վերջին երկու տարիներուն գործօն մասնակից մըն է Ցեղասպանութեան դաստիարակութեան ծրագրին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը վերջին քանի մը տարիներուն իր մասնակցութիւնը բերած է սոյն վարժարանի «Խաղաղութեան օրուան ծրագիր»ներուն: