ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստան:
Ատրպէյճանի հետ պատերազմական վիճակ. արեւելեան սահմանները փակ:
Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները նուազագոյն բնորոշումով՝ ոչ բնականոն, եթէ չըսենք՝ թշնամական. արեւմտեան սահմանները փակ:
Իրանի հետ յարաբերութիւնները լաւ, նոյնիսկ՝ սերտ. հարաւի ճանապարհները բաց են ու ազգով մէկ շահագրգռուած ենք, որ Իրանի մէջ տիրէ կայունութիւն ու խաղաղութիւն:
Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները մակերեսայնօրէն բնական, նոյնիսկ դիւանագիտօրէն, ինչպէս կ՛ընէ Հայաստանի նախագահը, կարելի է զանոնք բնորոշել իբրեւ լաւ, հակառակ æաւախքի մէջ վրացական իշխանութեանց կիրառած խտրական, հակահայ քաղաքականութեան:
Վրաստանի նախագահ Սահակաշվիլի ներքին հսկայական ճնշումներու տակ է ու անոր քաղաքական ճակատագիրը անորոշ կը մնայ: Այսուհանդերձ, կայուն Վրաստանի մը մեծագոյն նշանակութեան գիտակցութեամբ միայն կարելի է մեկնաբանել Հայաստանի նախագահի՝ Սահակաշվիլին պատուելու քայլը, զարմանքի մատնելով թէ՛ æաւախքի բնակիչները եւ թէ՛ Հայաստանի ժողովուրդը:
Քաղաքականօրէն անհանգիստ տարածաշրջանի մը մէջ բեռնափոխադրութեան կենսական ճանապարհները բաց պահելու առաջադրանքը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ ամէնէն ծանրակշիռ մտահոգութիւնը կը մնայ:
Շրջափակուած ու իր հակակշիռէն դուրս պայմաններու բերումով, որեւէ պահու աշխարհէն բոլորովին կտրուելու վտանգը դիմագրաւող Հայաստանը կրնայ իր շրջակայ երկիրներու իրադարձութիւնները, նոյնիսկ երբեմն ուղղակիօրէն իր շահերուն կամ իր ժողովուրդի զաւակներէն մէկ մասին վնաս տուող գործողութիւնները բոլորովին իւրայատուկ ձեւով գնահատել՝ համապատասխան նուրբ դիւանագիտութիւն վարելով: Սակայն, չենք կրնար համաձայնիլ, որ մեր պետութեան ու ազգին համար կարեւորագոյն խնդիրներու հանդէպ այլոց ոչ միայն անտարբեր, այլեւ վնասակար ու վտանգաւոր դիրքորոշումներն ու գործողութիւնները անտեսած ձեւանալով՝ կարելի է հարցեր լուծել, կենսական ճանապարհներ բաց պահել:
Նախագահական նստավայրին առջեւ երէկ սկսած ու արագօրէն ցրուած ցոյցը, ինչպէս նաեւ այսօր, Երեւանի «Մարիոթ-Արմէնիա» հիւրանոցին առջեւ ծրագրուած հաւաքը այդ յիշեցումը կ՛ուզեն կատարել Հայաստանի ղեկավարներուն: