ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ, գաղթականներու եւ ներքին տեղահանուած անձերու պետական յանձնախումբի ատենապետ Ալի Հասանով յայտնած է, որ կառավարութիւնը «վերադարձի ծրագիր»ը արդէն իսկ պատրաստած է։ Ան նշած է, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան համաձայնութիւն կնքուի, ապա ծրագիրը պիտի գործադրուի հանգրուան առ հանգրուան։ «Այս մարդիկը 16 տարիէ ի վեր մարդասիրական օժանդակութեամբ կ՛ապրէին, սակայն ներկայիս զանոնք վերադարձի պէտք է պատրաստենք։ Բոլոր միջազգային կազմակերպութիւնները այս գործին մասնակից դարձուցինք», ըսած է Հասանով: