ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նոյնիսկ ուշացած ենք: Լոս Անճելըսի մէջ կողք-կողքի կ՛ապրինք, իրարու հետ կ՛աշխատինք, իրարու հետ գործերու կը նախաձեռնենք, սակայն համայնքային մակարդակի վրայ որեւէ առնչութիւն չունինք:
Հայաստանի հիւպատոսը կատակով ակնարկեց նաեւ կռիւի մասին: Ներկաները խնդացին: Այո՛, Պիլթմոր հիւրանոցի սրահին մէջ հաւաքուած հայ եւ մեքսիքացի այդ հանրութիւնը կռիւներէ շատ հեռու է, սակայն մեր անմիջական շրջապատին մէջ, հանրային վարժարաններու մէջ, թէ փողոցներու վրայ, հայ եւ մեքսիքացի պատանիներ ու երիտասարդներ, մշակութային կամ առօրեայ ամէնէն հասարակ անհասկացողութեանց պատճառաւ երբեմն նոյնիսկ արիւնալի կռիւներ մղած են ու կը շարունակեն մղել՝ իրենց մատաղ կեանքները վտանգելով:
Ժամանակն է, որ այս վիճակէն դուրս գանք, սկսինք խօսիլ իրարու հետ՝ համայնքային ընդհանուր մտահոգութիւնները կիսելով, փոխադարձ հասկացողութեան եւ հանդուրժողութեան եզրեր փնտռելով ու զանոնք ամրապնդելով:
Այս տեսակէտէն միայն կարելի է ողջունել Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի եւ Մեքսիքայի գործող հիւպատոսներու աշխատանքային միացեալ խումբ մը կազմելու նախաձեռնութիւնը: Առայժմ միայն երեք ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ճանապարհներ փնտռող այս նախաձեռնութիւնը կրնայ անշուշտ մնալ ձեւական մարմին մը, որ ոչ մէկ շօշափելի կամ արդիւնաւէտ ծրագիր պիտի իրականացնէ, կամ ալ, մեր բոլորին աջակցութեամբ, կրնայ մեր միջավայրը բարեփոխող ազդակի մը վերածուիլ. կրնայ հարցեր ու խնդիրներ լուծելու ատակ իրական գործիքի մը վերածուիլ:
Երկրորդ տարբերակն է, որուն պէտք է ձգտինք:
Յաջողութիւն կը մաղթենք այս ձեռնարկին: