ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի նոր դեսպան Մայքըլ Պի. Օրէն խիստ հաւատացող մըն է Հայկական Ցեղասպանութեան վաւերականութեան, հակառակ այդ հարցին մէջ իր կառավարութեան որդեգրած ուրացման դիրքին:
Նախքան դեսպանի պաշտօնին վրայ նշանակուիլը, Օրէն շարունակ կը հաստատէր Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնները իր գրութիւններուն մէջ։ «Նիւ Եորք Ռիվիու աֆ Պուքս»ի 10 Մայիս 2007ի թիւին մէջ, ան դրուատական գրախօսական մը գրած էր Թանէր Աքչամի «Ամօթալի արարք. Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ թրքական պատասխանատուութեան հարցը» գիրքին մասին, եւ զայն վերնագրած էր՝ «Զանգուածային սպաննութիւնը, զոր տակաւին կ՛ուրանան»։
Իր նորագոյն գիրքին մէջ՝ «Իշխանութիւն, Հաւատք եւ Պատրանք», Օրէն տասնեակ մը նշումներ կ՛ընէ Հայաստանի եւ հայերուն մասին, ներառեալ երկար, սրտաճմլիկ նկարագրութիւններ Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ առաջ տեղի ունեցած զանգուածային սպանութիւններուն մասին։ Ստորեւ կու տանք անոր գիրքին ամէնէն ցայտուն բաժինները.
«Օսմանեան ճնշումներուն եւ հայկական զայրոյթին կուտակումը պայթեցաւ վերջապէս 1894ի գարնան, երբ թրքական զօրքերը ոտքի ելան ճզմելու տեղական ըմբոստութիւն մը եւ որմէ ետք յառաջ գացին հիմնայատակ ընելու ամբողջ գիւղեր՝ սպաննելով անոնց բնակիչները… Շուրջ երկու հարիւր հազար հայեր մեռան (բնակչութեան շուրջ քսան տոկոսը) եւ միլիոնաւոր տուներ կողոպտուեցան։ «Հայկական Ողջակիզում» գոռաց «Նիւ Եորք Թայմզ»ին մէջ լոյս տեսած գլխաւոր վերնագիրներէն մէկը, Սեպտեմբեր 1895ին, գործածելով այն բառը, որ հետագային հոմանիշը պիտի համարուէր ցեղասպանութիւն բառին»։
Ապա Օրէն կը շարունակէ՝ հաստատելով, թէ աւելի քան մէկ դար առաջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին շուրջ այսօրուան դառն բանավէճին նման, հայկական ջարդերը լրջօրէն ազդեցին Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վրայ։ Ան կը գրէ. «Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւնը պահելը բարդ հարց է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներուն եւ «Փորթէ»ին (Սուլթանին) միջեւ յարաբերութիւնները երկար ատենէ ի վեր տագնապի մէջ էին: Բախումի մնայուն հարց էին հայ քրիստոնեաներուն վրայ բանեցուած ճնշումները։
Հակառակ անոր, որ երիտասարդ թուրքերու արդիականացում խոստացող խումբ մը, Պոլսոյ իշխանութեան գլուխ անցած էր 1908ին եւ հաւասար իրաւունքներ խոստացած էր կայսրութեան բոլոր քաղաքացիներուն համար, սակայն, տակաւին տարի մը չանցած՝ հայերուն ջարդերը վերսկսան։ Շուրջ երեսուն հազար հայեր ջարդուեցան թրքական զօրքերուն կողմէ հարաւ-կեդրոնական Անատոլուի մէջ»։
«Պատմութեան ամէնէն սոսկալի ոճիրը» վերնագրուած բաժինին մէջ, Օրէն կը գրէ. «Առաջին տեղեկագիրները, սկսեալ Դեկտեմբեր 1914էն, կը խօսէին Պիթլիսի մէջ, արեւելեան Թուրքիա, հակա-քրիստոնէական ջարդերու ինչպէս նաեւ Էրզրումի փողոցներուն մէջ հարիւրաւոր հայերու կախաղանի մահուան մասին։ Քսանէն վաթսունի միջեւ տարիք ունեցող հայ տղամարդիկ կը զինուորագրուէին տաժանակիր աշխատանքի ջոկատներուն մէջ՝ ճանապարհաշինութեան եւ թրքական բանակին պէտքերը մատակարարելու համար։ Յաջորդ ամիս, Կովկասի մէջ ռուսական բանակին կողմէ պարտութիւն կրելէ ետք, թրքական զօրքերը իրենց խայտառակութեան զգացումը դարմանեցին հայկական քաղաքները կողոպտելով եւ անոնց հայ աշխատաւորները գնդակահարելով։ Գարնան սկիզբը թուրք զինուորներ պաշարեցին արեւելեան Անատոլուի Վան կոչուած հայկական քաղաքը եւ սկսան առաջին անհաշուելի զանգուածային տեղահանումը։ Ապա ջարդերը խուժեցին արեւմուտք՝ դէպի Պոլիս, ուր 24 Ապրիլին ապահովական ուժերը ձերբակալեցին եւ կախաղան բարձրացուցին շուրջ երկու հարիւր յիսուն հայ ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ կրակի տուին հայկական թաղամասերը։ Ներքին գործոց նախարար Թալիաթ փաշան հայ պատրիարքին տեղեկացուց, թէ՝ «Թուրքիոյ մէջ տեղ չկայ քրիստոնեաներուն համար», եւ խորհուրդ տուաւ անոր եւ անոր հօտին որ «հեռանան քաղաքէն»»։
Ապա Օրէն ի յայտ կը բերէ պատմութիւնը աղաւաղելու թրքական փորձերը՝ դիտել տալով, թէ «Ժամանակակից դիտորդներուն մեծ մասը կը համաձայնին, թէ ջարդերը գրեթէ բնաւ կապուած չէին պատերազմին հետ, այլ՝ կը ներկայացնէին կանոնաւոր կերպով ծրագրուած եւ գործադրուած ծրագիր մը՝ բնաջնջելու համար ամբողջ ժողովուրդ մը։ Իրապէս, քսանհինգ տարի ետք տեղի ունեցած հրեաներու ցեղասպանութիւնը նախապատկերելով, թուրք զինուորներ հայկական գիւղերու ամբողջ բնակչութիւններ լեցուցին սառուցիչ գետերու մէջ կամ այրեցին զանոնք հրկիզուած եկեղեցիներու մէջ, կամ պարզապէս առաջնորդեցին զանոնք դէպի անապատ՝ ձգելով, որպէսզի ծարաւէն մեռնին։ Ամրան վերջաւորութեան շուրջ ութ հարիւր հազար հայեր սպաննուած էին եւ անհամար ուրիշներ բռնի կերպով իսլամութիւնը ընդունած»։
Զանգուածային սպանութիւններու ականատեսի շարք մը վկայութիւններ մէջբերելով՝ Օրէն կ՛եզրակացնէ. «Ընդհանուր առմամբ, մէկուկէս միլիոն հայեր սպաննուեցան Ցեղասպանութեան ընթացքին, զոր թրքական կառավարութիւնը երբեք չ՛ուզեր ճանչնալ, ալ ի՛նչ խօսք զղջալու մասին»։
Մինչ ճիշդ է, որ Մայքըլ Օրէն այդ գիրքը հրատարակած է նախքան Ուաշինկթընի մօտ դեսպանի պաշտօնին արժանանալը, Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ իր յստակ կեցուածքը, կը յուսանք, որ ետ կը կեցնէ զինք հետեւելէ ոտնահետքերուն իր նախորդներուն, որոնք անամօթաբար լոպպիինկի աշխատանք կատարեցին այս հարցին վերաբերող քոնկրէսական օրինագիծին դէմ։
Հայկական Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան ամուր ջատագով մը Ուաշինկթընի մօտ Իսրայէլի դեսպանի պաշտօնին կարգելը տեղի ունեցաւ այս տարուան սկիզբը, Կազայի պատերազմին պատճառով Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութեանց մէջ յառաջացած լուրջ ճեղքէն ետք։
Այդ հանգրուանին տեղի ունեցան հակասեմական յայտարարութիւններ եւ արարքներ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին, ներառեալ՝ թուրք վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ կատարուած հակաիսրայէլեան հաստատումները։ Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ, Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզին ուղղուած Էրտողանի վարկաբեկիչ խօսքերը Թուրքիոյ դէմ հակադրեցին իսրայէլացիները եւ հրեաները ամբողջ աշխարհին մէջ։ Նոյնիսկ եթէ Իսրայէլ մեծ աղմուկ չբարձրացուց Էրտողանի խօսքերուն դէմ, սակայն այդ խօսքերը մնայուն վնաս հասցուցին Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն։
Թուրքիոյ նուազ կարեկից իսրայէլեան կառավարութեան մը կողքին, Հայկական Ցեղասպանութեան ամուր ջատագովի մը Ուաշինկթընի մօտ Իսրայէլի դեսպան նշանակումը կրնայ դիւրացնել Հայկական Ցեղասպանութեան առկախուած օրինագիծին վաւերացումը։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր
darperutyun chiga. israeli hamar anpopox ge mna hayots tsexasbanutyan merjume.
Պապին փիղին վրէժը
Յարութիւն սիրելի
ասոր կ՛ըսեն Պապին փիղին վրէժը
այս մարդիկը դիւրին-դիւրին չեն կլլեր ոտաբոպիկ ստահակի մը կողմէ նետոււած անարգանքը իրենց ցեղին եւ հաւատքին դէմ
այդ առումով ներկայ կ՛ըլլանք դիպաշարի մը սկզբնաւորման ինչպէս պիտի ըսեր միւս ինծի ծանօթ համբակը։
Ընդգծել շեշտել եւ գործի անցնիլ այս ալ մաս կը կազմէ մեր սուրբ պայքարին որ վախճան չի ճանչնար ի հեճուկս «հայրենի» շահադէտ այրերուն որոնք կը խորհին թէ ամէն ինչ առտօնուած ու ներուած է իրենց ի յառաջագունէ(այո՛. նման բան մը) առանց բացարձակապէս հաշիւ տալու վեհափառ ազգիս հայոց
Ատոր աl ժամանակը կու գայ