ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Մոնթրէալի հայկական եկեղեցւոյ հիմնաքարերու կնքահայրերէն տոքթ. Վիգէն Օհանջանեան կնքեց իր մահկանացուն 12 Յունիս 2009ին:
Ան որդին է մեր ժողովուրդի ամբողջանուէր զաւակներէն Համօ եւ Ռուպինա Օհանջանեաններուն: Ծնած էր Երեւան, 11 Նոյեմբեր 1920ին: Հայաստանի Ա. հանրապետութեան տագնապի եւ հալածանքի օրերուն, մայրը փոքրիկ Վիգէնին հետ կ՛անցնի Իրան, ապա՝ Գահիրէ:
Վիգէն Օհանջանեան իր նախնական ուսումը ստացած է «Պէրպէրեան» վարժարանէն, իսկ երկրորդականը՝ «Լիսէ Ֆրանսէ»էն, զոր աւարտեց 1937ին: Երիտասարդութեան սեմին, Վիգէն Օհանջանեան անցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը:
1942ին գացած է Պէյրութ եւ ուսումը շարունակած է «Ֆաքիւլթէ Ֆրանսէզ տը Մէտսին»ի ատամնաբուժական բաժինին մէջ: 1946ին աւարտելով նշեալ կեդրոնը՝ վերադարձած է Գահիրէ եւ այնտեղ զբաղած ատամնաբուժական ասպարէզով: Իսկ 1962ին անցած է Քանատա ու Մոնթրէալի համալսարանին մէջ հետեւած է ատամնաբուժական վիրաբուժութեան մասնաճիւղին: Աւարտելէ ետք եւ մինչեւ 1997 թուական, տոքթ. Վիգէն Օհանջանեան աշխատած է կատարելապէս իր ասպարէզին նուիրուելով: