ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Հայկական իրականութենէն ներս յատուկ տեղ վերապահուած է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան՝ ՀՄԸՄին, որ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան ստեղծման օրերուն հիմնուելով՝ մեծ դեր ունեցաւ որբացած մեր սերունդներու դաստիարակութեան եւ յատկապէս զանոնք կեանքին հանդէպ լաւատեսութեամբ պատրաստելու սրբազան գործին մէջ:
Անհերքելի իրականութիւն է, որ առողջ սերունդներն են ազգի մը գոյատեւման հրամայականը, եւ այս գծով ՀՄԸՄը իր պատասխանատուութիւնը գիտակցութեամբ կատարեց եւ կը շարունակէ կատարել: Այս հսկայ կազմակերպութիւնը կարողացաւ հայկական աւանդութիւնները պահպանել եւ սերունդէ սերունդ փոխանցել զանոնք հետաքրքրական եւ երիտասարդութիւնը հրապուրող բազմազան միջոցներով, որոնցմէ ամէնէն յատկանշականը 34 տարիներէ ի վեր եւ առանց ընդմիջումի կազմակերպուող Նաւասարդեան մարզախաղերն են, որոնց յաջողութիւնը կը պարտինք շրջանի հայութեան անսահման զօրակցութեան:
Այս անսակարկ զօրակցութեան արդիւնքն է, որ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքէն ներս կը գործէ կամաւորներու հսկայ բանակ մը եւ այդ բանակին մէջ իրենց յատուկ դերը ունին Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահները, որոնց շարքը երկար է, իսկ անոնց նուիրումը կարելի չէ բառերով բացատրել:
Անցնող տարեշրջանը յատկանշական եղաւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին համար: Շրջանը ունեցաւ իր նոր կեդրոնը եւ տարիներու երազանք հանդիսացած բանակավայրը: Ասոնց առընթեր ՀՄԸՄի մեծագոյն մասնաճիւղը նկատուող Կլէնտէյլի «Արարատ»ը ունեցաւ իր երկրորդ կեդրոնը, նաեւ Փասատինայի «Ազատամարտ» եւ շրջանի ՀՄԸՄի հիմնադիր Լոս Անճելըս մասնաճիւղերը ունեցան իրենց հաւաքավայրերը, իրենց քաղաքներուն մէջ գնուած նոր հայ կեդրոններէն ներս:
Այս բոլորը հաւաքական ջանքերու արդիւնքն են, եւ ճիշդ այս հաւաքական ջանքերու արդիւնաւէտութենէն մեկնած է որ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու անցեալի պատուոյ նախագահները հաւաքաբար կը հովանաւորեն այս տարուան Նաւասարդեան մարզախաղերը:
Ահա՛ երեւոյթ մը, որուն առաջ կարելի է միայն խոնարհիլ:
Ահա՛ մօտեցում մը, որ «Նաւասարդեան՝ Ընտանեկան Աւանդ» կարգախօսի հարազատ թարգմանը կը հանդիսանայ եւ կը գօտեպնդէ բոլորս՝ հանդէպ 90ամեայ այս հսկայ կազմակերպութեան:
Եզակի այս երեւոյթին պաշտօնական յայտարարութիւնը պիտի կատարուի Նաւասարդեանի Յաղթանակի պարահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 27 Յունիս 2009ի երեկոյեան, CBS Studios Center-ի մէջ, 4024 Radford Ave., Studio City, CA 91604. Ձեռնարկի ընդունելութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 7ին, իսկ ընթրիքը՝ ժամը 8ին: Մուտքի սակ՝ $150:
Պիտի գործադրուի պաշտօնական կարճ յայտագիր մը, որուն ընթացքին Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահներու ներկայացումէն բացի, պիտի ներկայացուի նաեւ «Տիպար ՀՄԸՄական-2009»ը՝ վաստակաշատ ՀՄԸՄական Զաքար Չորպաճեանը:
ՀՄԸՄի երիտասարդութեան յաղթանակները յատկանշող այս նախաձեռնութիւնը նաեւ գեղեցիկ առիթ մը պիտի հանդիսանայ ՀՄԸՄի տարեց ու երիտասարդ սերունդներու մէկտեղման, որ մեծապէս խրախուսելի է:
Շաբաթ, 27 Յունիսի երեկոյեան, թող բոլորիս ժամադրավայրը CBS Studios Center-ը ըլլայ, անգամ մը եւս ՀՄԸՄով ապրելու ու հպարտանալու համար:
Նաւասարդեան մարզախաղերու եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, կարելի է այցելել www.navasartiangames.com կայքէջը, կամ հեռաձայնել ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ (323) 344-4300 թիւին: